ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՈՒՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՈՒՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի 16 Մարտ 2018, Ուրբաթ յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 8 Ապրիլ 2018՝ Նոր Կիրակիին։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։ Կարեւորութեամբ շեշտեցին, թէ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն, որպէսզի Հրանդ Տինք Վարժարանին տրամադրելի նախկին Պօղոսեան-Վառվառեան Վարժարանի ծառացած հարցը բարւօք լուծման յանգի։

 

Խորհուրդի անդամները Սրբազան Հօր ուշադրութեան յանձնեցին նաեւ, թէ Եկեղեցւոյ կից ունէին հինգ եկեղեցապատկան փայտաշէն շէնքեր, որոնք խարխուլ վիճակի մէջ էին եւ պէտք էր անյապաղ նորոգութեան ձեռնարկել նախ քան անոնց վտանգաւոր դառնալը։

 

Հիւրերը փոխանցեցին նաեւ, թէ իրենց բազմամեայ ատենապետ՝ Վարուժան Թավրայի կորուստէն ետք թափուր մնացած այդ պաշտօնին ընտրուած էր Արուշ Թաշ։

DSC04396

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան կրկին ցաւակցութիւն յայտնելով Գումգաբու Դուրսի ընտանիքի կորուստին համար տուաւ Իր օրհնութիւնը դիւանի նոր կազմին, գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։ Շեշտեց նաեւ, թէ պիտի փորձէր նախագահել մատաղօրհնութեան օրուան արարողութեանց։