ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

IMG_3066Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 28 Սեպտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի։

Տեղապահ Սրբազանը, յայտնեց թէ, վերջին շրջաններուն իրազեկ դարձած էր թէ՝ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի Անուան Դպրոցի ապագային մասին մշակուած էին որոշ ծրագիրներ, որոնց գլխաւորն էր աշխատութիւնները փոխադրել աւելի ընդարձակ վայր մը, որպէսզի մանուկներ աւելի բարւոք պայմաններու ներքեւ ստանան իրենց կենսական կրթութիւնը։ Այս ուղղութեամբ օրակարգի եկած էր աշխատավայրը փոխադրել երբեմնի Վառվառեան Վարժարանի շէնքը։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը ուզեց լսել եկեղեցւոյ վարչայիններուն կարծիքը եւ իմանալ իրենց գաղափարները։ Այցելուներ յայտնեցին իրենց կարծիքները եւ պատշաճ տեղեկութիններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան։ Այնուհետեւ, Տեղապահ Սրբազան Հօր հրաւէրով, յառաջիկայ օրերուն Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ աւելի ընդարձակ խորհրդակցան հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ։ Այցելուներ այս առթիւ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր ուրախութինը յայտնեց սոյն հանդիպման առթիւ եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ։ Յիշեցուց թէ նման ծրագիրները կեանքի կոչելէ առաջ տեղին է խորհրդակցական հանդիպումներ ունենալ եւ ծրագիրը ձեռք առնել տարբեր երեսակներով։ Այնուհետեւ, յայտնեց թէ կը հետեւի այս կրթական աշխատութեան։ Սրբազան Հայրը այցելուներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։