ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային  Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Արուշ Թաշի 27 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

2019 KUMKAPI DISI

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։