ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յուլիս 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Արուշ Թաշի։

Այցելուները եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացնելու նպատակաւ փութացած էին Գումգաբու։ Այս առթիւ անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեանց մասին եւ յատկապէս անդրադարձան երբեմնի Պօղոսեան-Վարվառեան Վարժարանի շէնքի մասին եղած զարգացումներուն։

KUMKAPI DISI 2020

Պատրիարք Հայրը, ողջունեց Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ վարչայիններու հաշուետուութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը լսելով վարչայիններուն փոխանցած տեղեկութիւնները, մաղթեց որ եկեղեցին տիրանայ նոր եկամուտներու, բան մը որ ողջունելի պիտի ըլլայ թէ՛ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ համար։ Այս առթիւ, վարչայիններուն յաջողութիւն մաղթեց, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։