Գուրուչէշմէի Գերեզմանատուն

(Tepeüstü, Kireçhane Sok.. No: 0, 34345 Kuruçeşme)
Հեռ.՝ (0212) 265-5641.

Սոյն գերեզմանատան գոյութիւնը կը կապուի գիւղի Եկեղեցւոյ եւ կը հետեւցուի թէ ԺԷ. դարէն է։ Քաղաքապետական Ժողովի 17 Մայիս 1944 թուակիր հրահանգով առողջապահական պատճառներով կ՚արգիլուի սոյն գերեզմանատան մէջ թաղում կատարել։ Օսմանեան Կայսրութեան փողերանոցի տնօրէններ եւ ոսկերչապետներ Տիւզեաններու շիրիմները այս գերեզմանատան մէջ էին։