ԴԱՆԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ Դեսպանութեան քաղաքական գործիչ Յոնաս Եազօ Սրույին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Յարգելի հիւրերը, Հայոց Պատրիարքութեան եւ նորընտիր գահակալին ծանօթանալու համար եկած էին Գումգաբու։ Տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրմէ ստացան Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

2020 DANIMARKA

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրերուն քաղաքավարական այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց պաշտօնին մէջ։