ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

Եթովպական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Շօա շրջանի առաջնորդ Գերշ. Ապունա Քէվստոս Եպս. Զէքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյս դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Գերաշնորհ հիւրին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ ընդունելով քոյր Եթով­պա­կան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ընդունելուն։

 

Գերշ. Ապունա Քէվստոս Եպս. յայտնեց, որ իր Ստանպուլ գտնուելուն առթիւ փափաքած է այցելել Հայոց Պատրիարքարան եւ Եթովպական Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մաթիաս Ա-ի անունով շնորհաւորել Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

 

Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ իր ողջոյնները յղեց Եթովպական քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ՝ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մաթիաս Ա-ին։

2020 ETYOPYALILAR

Գերաշնորհ հիւրն ու ընկերակիցները ապա այցելեցին Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը, ուր տեղեկութիւններ ստացան Թանգարանի տնօրէն Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէ։