ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

Ս. Յարութեան տօնին առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 12 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի Եթովպիացի Համայնքի Զատկուան առթիւ շնորհաւորութիւնը ընդունեց Պատրիարքարանի մէջ։

YETOVBIATSINER 1

Ծանօթ է արդէն, թէ Ստանպուլի մէջ գոյութիւն ունի Եթովպիացի Համայնք մը։ Այս համայնքի անդամները իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու խումբի անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ քոյր Եկեղեցիներէն են՝ միւս չորս եկեղեցիներու (Ասորի, Ղպտի, Էրիթրէայի ու Հնդիկ Մալապար) կարգին։ Այս առումով անոնք իրենց պաշտամունքները կը կատարեն Մայր Եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս՝ Ս. Յարութիւն մատրան մէջ եւ ունին նաեւ իրենց առաջնորդ վարդապետը։

YETOVBIATSINER 2

Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Հոգեշնորհ վարդապետը եկած էր Նորին Սրբազնութեան անձին մէջ շնորհաւորելու Հայ Համայնքի Ս. Զատիկը։ Ան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր նուիրեց խաչ մը իսկ Արամ Սրբազան Հայրն ալ Պատրիարքարանի Հաւաքածոյին մասին պատրաստուած գիրքէն նմոյշ մը։