ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ (1 – 28 Փետրուար)

Kategori: Փաստաթուղթեր

Hayeren Subat

1 – 28 Փետրուար

– 1 Երկուշաբթի
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ժամը 13.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցաւ Հէվէս Ուլիւթաշի յուղարկաւորութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին ընդունեց Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը, որոնք եկած էին նորատիպ «Kısmet Tabi» գիրքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ օրինակ մը նուիրելու։

– 2 Երեքշաբթի
Յանուն Աթոռոյս՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, ժամը 17.30-ին Իզմիրի Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղան նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։

– 4 Հինգշաբթի
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00-ին նախագահեց Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի հերթական նիստին։

– 5 Ուրբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ժամը 10.30-ին նախագահեց Պալըքլըի Գերեզմանատան Ս. Սարգիս Մատրան, ապա՝ Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութեանց։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00-ին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ «Աթոռոյս ՍԱԹ-7 հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբ»ի անդամներուն հետ։

– 6 Շաբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ այցելեց Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, ուր կը դարմանուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը, «Եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթք»ի օրուայ առթիւ իր պատգամը փոխանցեց պատրաստուած տեսաերիզի միջոցաւ։

– 7 Կիրակի
Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

– 8 Երկուշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ժամը 11.00-ին ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։

– 9 Երեքշաբթի
Ս. Ղեւոնդեանց Տօնի առթիւ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ժամը 10.30-ին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ս. Պատարագին։ Մասնակցեցաւ Աթոռոյս Հոգեւորականաց Դասը։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, քարոզեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան։ Հանդիսութիւնը տեսասփռուեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի շնորհեց «ծաղկեայ փիլոն» կրելու արտօնութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը, «Համաշխարային Ծխելէ Հրաժարման օրուայ» առթիւ, 2001ին գրի առած «Ծխախոտ եւ Ազատութիւն» խորագրեալ յօդուածը «Լրաբեր» պաշտօնաթերթին մէջ վերհրատարակուեցաւ։

– 11 Հինգշաբթի
Ս. Վարդանանց Տօնի առթիւ, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց։

– 12 Ուրբաթ
Պատրիարքական Աթոռը զեկոյց հրապարակելով հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնեց, թէ հոգեւորական դասու անդամներէն ոչ մէկը ազդուած էր համավարակէն։

– 13 Շաբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Քատիր Թօփպաշի մահուան առթիւ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքին իր ցաւակցութիւները յայտնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Էօզլէյիշ Թօփպաշի։

– 14 Կիրակի. Տեառնընդառաջ
Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը տեսասփռուեցաւ։

– 15 Երկուշաբթի
Պատրիարքական Աթոռը նկատի ունենալով թէ հոգեւորական դասու անդամները չէին ազդուած համավարակէն զեկոյց հրապարակեց յայտնելով թէ Արեւագալի ժամերգութիւնները պիտի կատարուէին, միշտ նկատի ունենալով զգուշութեան միջոցառումները։

– 18 Հինգշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցան Խաղաղականի եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները։

– 19 Ուրբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց։ Արարողութիւնը ու քարոզը տեսասփռուեցաւ։

– 21 Կիրակի
Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուայ առթիւ պատգամ մը հրապարակեց։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած Հսկման արարողութիւնը եւ Գեր. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի քարոզները տեսասփռուեցան։

– 23 Երեքշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունեց Սաթ-7 հեռուստակայանի աշխատակիցները, որոնք արձանագրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզխօսութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին ընդունեց Պէշիքթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Պէշիկթաշի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն, նոյն եկեղեցւոյ Նարեկացի Դպրաց Դասու Դպրապետ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեանը, որոնք մեր Հոգեւոր Պետին յանձնեցին Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Հօր հեղինակած Պէշիքթաշի նորատիպ յուշամատեանի առաջին օրինակը։

– 24 Չորեքշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած Խաղաղական ժամերգութիւնը տեսասփռուեցաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, երեկոյեան, համացանցի վրայ տեսակցութիւն ունեցաւ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներուն հետ։

– 25 Հինգշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին նախագահեց Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի հերթական նիստին։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամը 16.00-ին ընդունեց, Աթոռոյս «Մէնթի-Մէնթօր» ծրագրի անդամները։

– 26 Ուրբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց։ Արարողութիւնը ու քարոզը տեսասփռուեցան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին ընդունեց Աթոռոյս ՍԱԹ-7 հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամներն ու ՍԱԹ-7ի վարչութենէն Մէլիհ Էքէնէր, Ճիւնէյթ Արըքան, Իւմիթ Թէյմուր եւ Գրիգոր Տինչքայըքճըն։

Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ Աւստրիական Սէնթ Ճորճ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Հ. Ֆրանզ Քանկլէրի յուղարկաւորութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւնները փոխանցեց։

– 28 Կիրակի
Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցան։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած Հսկման արարողութիւնը եւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի քարոզները տեսասփռուեցան։