ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ

Kategori: Կարճ լուրեր

*25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՈՒՐԲԱԹ – Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Հարաւային Ասիոյ Ցունամիի Աղիտեալներու Օժանդակութեան Յանձնախումբը, Թուրքիոյ Ազգային Կալուածներու Քննչութեան ներկայացուցիչներ՝ Օսման Տաղճըն, Գալֆաեան Խնամակալութեան ատենապետ Տանիէլ Անթիքաճեանը, Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեանն ու Ֆերիգիւղէն խումբ մը երիտասարդ։

*27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԿԻՐԱԿԻ – Ն. Ա. նախագահեց ու քարոզեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհն. Այվազեան։ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեան։ Իսկ Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Աթէշեան՝ Ենիգաբըի Ս. Թադէոս-Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան։

Երեկոյեան, Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին, իսկ Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Աթէշեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ հսկման արարողութեանց հանդիսապետեցին ու քարոզեցին։

*28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ – Ն. Ա. ընդունեց Մկրտիչ Աւետիքօղլուի գլխաւորութեամբ Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը։ Գերշ. Տ. Արամ Եպիս. Աթէշեան ընդունեց Ստանպուլահայ դպրաց դասերու տնօրէն խորհուրդի ատենապետները։ Ն. Ա. եւ Գերշ. Տ. Արամ Եպիս. Աթէշեան ներկայ եղան Փաթիլ մանկական թատերախումբի ներկայացման։

*1 ՄԱՐՏ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ – Ն. Ա. ընդունեց Գալֆաեան Վարժարանի Տնօրէն Ատրինէ Թահմինճիօղլուն եւ Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետ Սառա Ներկիզը, Գալֆաեան Տան Խնամակալութիւնը, երիտասարդ գործարարներու խումբ մը։

Հայ Գրերու Գիւտի 1600ամեակի Կարգադիր յանձնախումբը գումարեց իր հերթական նիստը, համանախագահութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Աթէշեանի, Գեր. Հ. Յակոբոս Վրդ. Չօփուրեանի եւ Յովհաննէս Թորգոմօղլուի։

Գերշ. Տ. Արամ Եպիս. Աթէշեան երթեւեկի արկած մը անցուց ու փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Արկածի ընթացքին բեկանուեցան Սրբազան Հօր աջ ծունկն ու սրունքի ոսկորը։
Ն. Ա. Ամերիկեան Հիւանդանոց փութալով այցելեց Գերշ. Տ. Արամ Եպիս.ը եւ արագ ապաքինում մաղթեց։
 
*2 ՄԱՐՏ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ – Ն. Ա. Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց խաղաղական ժամերգութեան եւ Մեծ Պահոց Միջինքի առթիւ սարքուած համայնքային ընդունելութեան։