ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, 26 Յուլիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի։ Ժողովի ատենապետն էր՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, իսկ ատենադպիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Ժողովական հայրերը միաձայնութեամբ հաստատեցին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր ստորագրութեան լիազօրութիւնը։ Յետ այսորիկ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը կը կրէ ստորագրութեան միակ լիազօրութիւնը առաջի պաշտօնական մարմիններու եւ դրամատուներու։