ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

IMG_3711Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով 21 Նոյեմբեր 2017 Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար։ Ժողովին նախագահեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը։

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը բացման խօսքով ողջունեց եկեղեցական հայրերու ներկայութիւնը եւ բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Ընտրութեան գործթընթացի կապակցութեամբ։

IMG_3719Ապա Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, յայտնեց թէ Ժողովոյ նպատակն էր ամբողջացնել Կրօնական Ժողովոյ անդամներու թիւը, որ պակսած էր Արժ. Տ. Եղիա Աւ. Քհնյ. Քէրվանճեանի արտասահման մեկնումով եւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի անկողնոյ ծառայելու պատճառներով։

Բաց քուէարկութեամբ կազմուեցաւ Ժողովոյ դիւան, որուն ընտրուեցան Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան՝ Ատենապետ եւ Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան՝ Ատենադպիր։

IMG_3718Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հրաւիրուեցան որպէս քուէախոյզեր։ Կատարուած փակ քուէարկութեամբ, քուէներու առաւելութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամ ընտրուեցան Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քահանան ընտրութեան արդիւնքի յայտարարութենէն յետոյ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ յայտնեց թէ, այսօր իր ձեռնադրութեան քսանեւհինգամեակն էր ու ինք կրկնակի ուրախութիւն կ՚ապրէր։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր եղբայրներուն առանց նկատի ունենալու թէ ինչ էր իրենց քուէներու ձայնը։ Ընդգծեց եղբայրութեան կարեւորութիւնը մանաւանդ հոգեւորականներու միջեւ։ Յայտնեց թէ ինք ուրախ եւ երջանիկ էր այս հոգեւոր դասուն մէջ, վայելելով՝ իր եղբայրներուն ներկայութիւնը ու խօսքերը եզրակացուց ըսելով. «Լաւ որ կաք, լաւ որ միասին կանք եւ առաքելակից ենք մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայութեան ճանապարհին մէջ»։

Ժողովը իր աւարտին հասաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր արտասանած «Պահպանիչ»ով։

IMG_3725