ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

WCCԺնեւ ուսանող, Եկեղեցիներու Համաշխարհային (WCC) Խորհուրդի անդամ աշակերտներէ բաղկացեալ խումբ մը, 12 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ մասին։ Հիւրերը զրուցեցին նաեւ վերջերս Պուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովին շուրջ։