ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով եւ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Իսքենտէր Շահինկէօզի հիւրասիրութեամբ Օրթագիւղի Րատիսոն Պլու հիւրանոցին մէջ կայացաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդէն Արէտ Գորեան, Կէտիկփաշայի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլը եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։

2020 ORTAKOY BEDROS DIKRAN

Ճաշի սեղանի  շուրջ կայացած հաւաքոյթը շարունակուեցաւ առանցին սրահի մը մէջ, ուր օրակարգի եկաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիի միջեւ կալուածական մատակարարութեան հետ առընչուած թիւրիմացութիւնը, որ համայնքային շրջանակներու մէջ կը մեկնաբանուէր որպէս ժխտական երեկւոյթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շինիչ մերձեցումով իր հայրական խօսքը արտասանեց, որմէ յետոյ մեր համայնքի երկու հանրածանօթ բարերար դէմքերը յայտնեցին թէ իրարու նկատմամբ յարգանք ունին եւ փոխադարձաբար կը գնահատեն իրարու նուիրատու բարերար կեցուածքը յատկապէս մեր կրթական հաստատութեանց նկատմամբ։ Թեր ու դէմ կատարուած շինիչ խօսակցութեանց աւարտին մեր համայնքային երկու կարեւոր հաստատութեանց ատենապետները յայտարարեցին որ ցարդ եղածը դիւրիմացութեան արդիւնք է եւ խոստացան երկու հաստատութեան միջեւ գոյացած կալուածական մատակարարական թիւրիմացութիւնը հարթել մնալով եղբայրական սիրալիր շինիչ մթնոլորտին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ շեշտեց մեր համայնքային կեանքէն ներս եղբայրական զգացման կարեւորութիւնը, որ անկասակած գլխաւոր ազդակն է միարար զօրութեան։ Իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց պարզուած այս եղբայրական սիրալիր տեսարանին առջեւ, բան մը որ անկասկած իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր համայնքային շրջանակներէն ներս։

2020 ORTAKOY BEDROS DIKRAN 2