ԵՂԲԱՅՐ ՌՈԺԷ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական

205http://www.taize.fr/
http://www.taize.ch/temp/en_article2450.html

Ֆրանսայի Պիւրկիւնտի մարզին մէջ գտնուող Թէզէի Էքիւմէնիք Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Հոգեշնորհ Եղբայր Ռոժէ Շուլց (http://www.taize.ch/temp/en_article2468.html), ծնունդով զուիցերացի, 16 Օգոստոս 2005 Երեքշաբթի՝ Հաշտութեան Եկեղեցւոյ մէջ սպաննուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին։

Լումինիթա Սոլքան (http://it.news.yahoo.com/050818/38/3cm1k.html) անունով 36 տարեկան ռումանացի կին մը ժամերգութեան ընթացքին յանկարծ ցատկեց իր գտնուած նստարանէն, ետեւէն յարձակեցաւ 90-ամեայ մեծաւորին վրայ, զինք մի քանի անգամ դաշունեց ու կտրեց իր կոկորդը։ Ծերունազարդ վանահայրը իր հոգին աւանդեց տեղւոյն վրայ։

Ռումանիոյ Եաշի քաղաքի Մտային Հիւանդանոցի Բժշկապետ՝ Տքթ. Պետրու Բոիսթեանու տեղեկացուց, որ Լումինիթա Սոլքան 2000-էն մինչեւ 2003 թուականը հիւանդանոց ընդունուած էր որպէս մտային հիւանդ յառաջացեալ շիզոֆրէնիի ախտաճանաչումով։ 2003-ին Սոլքան այլեւս մերժած էր հիւանդանոց մնալ, սակայն պարբերաբար կ՚երթար քննուելու համար։ Իսկ վերջերս Սոլքան կը մերժէր իրեն պատուիրուած դեղերն ընդունիլ, ըսելով որ ինք այլեւս բուժուած՝ առողջացած է։

Ռումանացի Կաթոլիկ հոգեւորականներէն Հայր Գոմէլ Գատար յայտնեց, որ Լումինիթա Սոլքան բազմիցս դիմած էր հոգեւոր քոյր դառնալու համար, սակայն իր մտային հիւանդութեան պատճառաւ բնականաբար կը մերժուէր։

206 207 208