ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՀՐԱՊԱՐԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Kategori: Աշխարհական

15 09 20 Teror Miting AMUԵնիգաբուի Հրապարկին վրայ, 20 Սեպտեմբեր 2015, Կիրակի, տեղի ունեցաւ «Միլիոնաւոր Շունչ, Ահաբեկչութեան դէմ մէկ ձայն» (Milyonlarca nefes, teröre karşı tek nefes) խորագրեալ հանրահաւաքը, որուն նպատակն էր վերջին շրջաններուն պատահած ապաբեկչական շարժումները վարկաբեկել ու ընդդէմ ահաբեկչութեան միասնական ոգին ամրացնել։ Հանրահաւաքին իրենց ներկայութիւնը բերին ու խօսեցան՝ Թուքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Իսմէթ Եըլմազ եւ Վարչապետ Փրօֆ. Տքթ. Ահմէտ Տավութօղլուն։ Սոյն հաւաքոյթին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Բ. Ատենապետ՝ Հերման Պալեան եւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեան։