ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

yenikoyՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 20 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամերուն, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի։ Հանդիպման ներկայ էր Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ, հիւրերը, թէ՛ փափաքած էին որպէս վարչութիւն ներկայանալ Սրբազան Հօր եւ թէ՛ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման մասին խորհուրդը առնել Նորին Սրբազնութեան։ Հանդիպման ընթացքին եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին եւս տեղեկութիւններ տրուեցան։ Թաղային Խորհուրդը, վերջին շրջաններուն թափ տուած էր հասութաբեր դարձնելու իր ունեցուածքը։ Այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ մշակած ծրագիրները յայտնեցին Սրբազան Հօր։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Խորհրդակցական բնոյն ունեցող այս հանդիպմամբ Պատրիարաքական Աթոռը իրազեկ կը դառնար Թաղային Խուրհուրդի կարեւոր մէկ ծրագիրին։ Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը իր խորհուրդը յայտնեց այցելուներուն ու խրատեց զանոնք։ Մաղթեց որ եկեղեցւոյ պայծառութեան եղած ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն։