Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Եշիլգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 24 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց։ Թաղային Խորհուրդի անդամները եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ տուին։ Զրոյցի պահուն յայտնեցին թէ՝ եկեղեցւոյ մէջ Տէր Հօր առաջնորդութեամբ նաեւ զարգացած էին մանկանց աշխատութիւնները։
Տեղապահ Սրբազան Հայրը մօտէն հետեքրքրուեցաւ փոխանցուած տեղեկութեանց հետ եւ իր կարգին հայրական խրատներ տուաւ նաեւ այցելուներուն։ Մատաղօրհնութեան սեմին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։