Եշիլգիւղի Սանուց Միութիւն, Եշիլգիւղ

(Çardaklı Sok. No: 4, 34149 Yeşilköy)
Հեռ.՝ (0212) 574-3923

Եշիլգիւղի Սանուց Միութեան հիմնադրութեան աշխատանքները կը սկսին՝ 1990-ի Նոյեմբերին, տեղւոյն  Թաղային Խորհուրդին եւ վարժարանի տնօրէնուհի Սօնա Թորոսեանի ջանքերով։

Հիմնադրութեան աշխատանքները աւարտելով, միութիւնը 1991ի Ապրիլին պաշտօնապէս գործելու կը սկսի։ Բացման հանդիսութեան կը նախագահէ Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարք Գազանճեան։

Միութեան երդիքին տակ թատերական աշխատութիւններ կը տարուին, զոր սկսած են 1993ին։ Միջմիութենական գիտութեան, ընթերցման, Ֆութպօլի եւ Պասքէթպօլի մրցումներու մէջ առաջնութիւններ շահած է։

Միութիւնը գործնապէս կը շարունակէ մշակութային եւ մարզային գործունէութեանց։