ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

yesilkoyԳալիֆորնիոյ Սան ՏիԷկօ Համալսարանէն ուսանողներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Եշիլգիւղի Վարժարանի տնօրէնուհի Անի Երամեանի, 25 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Խումբը կը բաղկանար տասնըհինգ հոգիէ, որոնց կ՚ընկերանային Եշիլգիւղի Վարժարանէն աշակերտներ ու ուսուցիչներ։

Տնօրէնուհի՝ Անի Երամեան ըսաւ թէ խումբը իր կեցութեան օրերուն, ծանօթացած էր Եշիլգիւղի Վարժարանի հետ։ Տնօրէնութիւնը օգտագործելով այս առիթը, փափաքած էր ծանօթացնել նաեւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը եւ այս նպատակաւ այցելած էին Պատրիարքարան։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին։ Ներկաներուն յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն նուիրական շաբաթը սկսած էր եւ այս Կիրակի պիտի տօնէր Ս. Յարութեան Տօնը։ Ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումները։

Հիւրերը ապա այցելեցին Պատրքիարքարանի Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը ու թանգարանի տեսուչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէ տեղեկութիւններ ստացան։

Շուրջ մէկ ժամուան այցելութեան աւարտին հիւրերը մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։