Եշիլգիւղի Վարժարան, Եշիլգիւղ

(Köyiçi Huban Sok. No. 6, 34149 Yeşilköy)
Հիմնադիր՝ Էրօլ Չընար Տնօրէն՝ Մէլիքճեան Զաման
Հեռ.՝ (0212) 573-8913 ֆաքս՝ (0212) 573-2314
Ել-նամակ՝ yesilkoyermeni@hotmail.com Կայքէջ՝ http://www.yesilkoyermeniokulu.k12.tr

1954ին կրթական նախարարութենէ ստացուած հրամանագրով մանկապարտէզի մը բացումը կատարուեցաւ։ Թաղին բնակչութեան աճը նախակրթարանի մը անհրաժեշտութիւնը զգալի կը դարձնէր, ուստի այդ շրջանի թաղային խորհուրդը սոյն ձեռնարկը յաջողցնելու գործը վստահեցաւ Զաւէն Աճէմեանի գլխաւորած յանձնախումբի մը։ Օրուան պայմաններով անկարելի նկատուող այս ձեռնարկը իտէալապաշտ երիտասարդներու գերմարդկային ճիգերով յաջողութիւն գտաւ ու 1957ին Եշիլգիւղի առաջին նախակրթարանը հիմնուեցաւ։ Իսկ 2003 թուականին թաղեցի ու ազնիւ նուիրատուներու շնորհիւ, շէնքը նորոգուեցաւ ու ստացաւ այսօրուան գեղեցիկ վիճակը։

Վարժարանը այժմ մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով կը գործէ։