ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ԳԷՈՐԳ Դ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

6Երանաշնորհ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (Գէորգ Բ. Պատրիարք Կ.Պոլսոյ) ծննդեան 200-ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 28 Դեկտեմբեր 2013, Շաբաթ գիշեր, Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի համալիրի Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Իրենց ներկայութիւնը բերին Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ քահանայ հայրեր։

Հոգեւոր համերգին հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբը, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրկ. Յարութիւն Էտվին Ուր. Դպիր Կալիպեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ խումբի անդամներէն Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան ու բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ներկայացուց երանաշնորհ Հայրապետի կենսագրութեան հիմնական գիծերը։

«Բոլորիս համար մեծ ուրախութիւն է այսօր՝ ներկայ գտնուիլ Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հովուապետներէն Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի (Գէորգ Բ. Պատրիարքի) ծննդեան 200-ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգին։ Այսօր թէ՛ պիտի յիշենք զինք եւ թէ՛ իր անձին ընդմէջէն պիտի հաղորդակցինք Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երգերուն՝ շարականներուն։

Կ՚ուզեմ հիմնական կէտերով ներկայացնել Գէորգ Դ.ի կենսագրականը։ Երջանկայիշատակ հայրապետը մեծապէս կարեւոր է Պոլսահայութեան համար, որովհետեւ Գէորգ Դ.՝ աւազանի անունով Գրիգոր Քէրէստէճեան, ծնած է Սամաթիոյ մէջ։ Ստեփանոս Պատրիարք Պրուսացիի կողմէ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Արմաշու մէջ։ Քարոզչական պաշտօններէն ետք երկար տարիներ Պրուսայի Հայոց առաջնորդական պաշտօնը վարած է։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ Ներսէս Կաթողիկոս Աշտարակեցիի։ 1858ին կ՚ընտրուի Պատրիարք Կ. Պոլսոյ, սակայն կարճատեւ կ՚ըլլայ իր այս պաշտօնը։ 1866ին կ՚ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր հայրապետութեան շրջանին դրական շատ մը բարեփոխումներ կը կատարուին։

Իսկ, ինչո՞ւ համար «Արմաշ» երգչախումբը այս համերգը կը ձօնէ Գէորգ Դ. Կաթողիկոսին։ Խումբս անունը առած է պատմական Արմաշու Դպրեվանքէն։ Գէորգ Դ. կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Արմաշ Երգչախումբիս համանուն վանքին մէջ։ Նաեւ Գէորգ Դ. եղած է հմուտ երաժշտագէտ մը։ Հայ Եկեղեցւոյ բուն եղանակները ճշտելու եւ ձայնագրութիւնները տպելու կը ձեռնարկէ։ Խումբիս համար պատիւ է, յիշատակել շարականասէր Արմաշական Հայրապետը։ Այսօր պիտի ջանանք ապրիլ Արմաշական նոյն եկեղեցասէր հոգիով։

Խումբս կազմուած է հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւնը ծանօթացնելու համար մերազն ժողովուրդին։ Այսօր, յայտագրին կ՚ընդելուծենք նաեւ «Արմաշ»ու Դպրեվանքի երաժշտապետ՝  Յակոբոս Այվազեանի յօրինած, «Հեծաւ Արի Արքայն» եւ «Ո՜ Տայր Ինձ» ոչ հոգեւոր սակայն վանական հայկական երգեր։

Այսօր մեր որդիական ակնածանքով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան հօր որ
քաջալերեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ խումբի կազմութեան։ Շնորհակալութիւն Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի, որ վերահսկէ խումբին։ Շնորհակալութիւն Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, որոնք եւս նպաստեսցին համերգի պատրաստական աշխատանքներուն։

Շնորհակալութիւն նաեւ այս խումբի վարիչ՝ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպիր Կալիպեանի, որ միշտ առանց ակնկալութեան ու անձնուիրաբար կը կատարէ խումբի վարժապետութիւնը եւ կը վարէ յայտագրին պատրաստութեան աշխատանքները։

Շնորհակալութիւն եւ բարի ունկնդրութիւն ձեր բոլորին»։

armas 3

12Յայտագիրը սկսաւ Սուզինակ Եղանակաւ երգուած «Յարութեան Ալէլուք»ով, որմէ յետոյ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան մեներգեց «Իսկ ի հեղմանէ» շարականը։ «Կանանցն Կանխելով» յարութեան շարականէն յետոյ, Յարութիւն Էտվին Ուր. Դպ. Կալիպեան մեներգեց Աւագ Շաբաթի կանոնէն «Պարգեւատուն»¦ եւ «Զքեզ օրհնեմք» շարականները, որոնցմէ յետոյ խումբը ներկայացուց նոյն կանոնէն «Աստուածածին երկնային», «Որ բաշխողդ ես» եւ «Եդաւ ի նորափոր ի վիմի» շարականները։

Հետաքրքրական էր լսել Արմաշու Դպրեվանքի վերջին երաժշտապետ Յակոբոս Այվազեանի յօրինած երկու երգերը՝ «Հեծաւ Արի Արքայն» եւ «Ո՜ Տայր Ինձ»ը, որոնք երկար տարիներ յետոյ առաջին անգամ կ՚երգուէին։

4Յայտագիրը շարունակուեցաւ Ս. Պատարագի երգերով՝ «Սուրբ Սուրբ», «Հայրերկնաւոր», «Յամենայնի», «Որդի Աստուծոյ», «Հոգի Աստուծոյ», դաշնաւորուած՝ Լեւոն Խանճեանի կողմէ, ԳՁ եղանակի վրայ։

Ապա երգուեցան ԲԿ եղանակի վրայ դաշնաւորուած «Ամէն, Հայր Սուրբ»ը եւ «Տէր Ողորմեա»ն, որոնց յաջորդեց  Ֆրամ Ֆասուլեաճեանի Սուլթանի Եկահ եղանակի վրայ դաշնաւորած «Քրիստոս պատարագեալ»ը։ Արթիւր Դպ. Պաղտասարեան մեներգեց «Սրբութիւն Սրբոց» Մարտիրոսաց Սրբասացութիւնը։

armas 5Համերգի աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ շնորհաւորեց խումբի աշխատանքը։ Անդրադարձաւ Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի վաստակին, մանաւանդ Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութիւնը անաղարտ պահպանելու ջանքերուն։ «Արմաշ Դպրաց Խումբ»ը իր ներկայացուցած երգերով, ունկնդիրները փոխադրած էր շարականներու երգուած դարերուն։ Գնահատեց նախանձախնդիր ունկդիրներու ներկայութիւնը։ Խումբի վարժապետ Բրկ. Յարութիւն Էտվին Ուր. Դպիր Կալիպեանին նուիրեց Ս. Գիրք եւ մաղթեց յարաճուն յաջողութիւններ իր եւ խումբի ապագայի աշխատանքներուն մէջ։

Հոգեւոր համերգը իր աւարտին հասաւ ԳՁ եղանակի վրայ դաշնաւորուած «Հայր Մեր»ով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։