ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

golod_1

Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի 13 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, ոգեկոչուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որու համալիրէն ներս կը գտնուի իր շիրիմը։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ հովուապետը կը համարուի Պատրիարքական Աթոռի երկրորդ հիմնադիրը՝ իր գահակալութեան շրջանին ապահոված ձեռքբերումներուն եւ կատարած նախախնամական դերին բերումով։ Ուստի, ամէն տարի ան բիւր յարգանքով կը յիշատակուի իր վախճանման տարելիցին առթիւ։

Երէկ, Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Սարօ Սրկ. Այվազեան եւ այլ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։

Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շիրմին վրայ։

Արարողութիւններէն վերջ Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ հոգեճաշ մը սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որ կոչուած է Կոլոտ Պատրիարքի անունով։