ԵՐԱՆԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ ՉՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒԷՐ

Kategori: Աշխարհական

http://www.hurriyetim.com.tr/haber/0,,sid~1@w~1@tarih~2005-08-21-t@nvid~620044,00.asp
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, որ Կաթոլիկ Երիտասարդներու 20-րդ Համաշխարհային Օրուան ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Քէօլն հրաւիրուած էր, 19 Օգոստոս 2005, Ուրբաթ, ժամը 19.30-ին ընդունեց Հիւրրիէթ Օրաթերթի Քէօլնի թղթակից՝ Հաքան Այթաշը։

Հաքան Այթաշ նախ հարցուց, թէ Նորին ԱՄենապատուութիւնը ինչպիսի տպաւորութիւններ ունի Երիտասարդներու Օրուան առիթով։ Պատրիարք Հայրը պատասխանեց ըստ հետեւեալի.

Ն.Ա.– Կը տեսնէք, որ մօտաւորապէս մէկ միլիոն հաւատացեալներ աշխարհի չորս ծագերէն Քէօլն կը փութան աղօթելու, իրենց հոգեւոր պետին շուրջը հաւաքուելու եւ հոգեւոր խօսք լսելու համար։ Կը տեսնէք նաեւ որ, հակառակ բազմութեան, ինչպիսի խաղաղութիւն կը տիրէ քաղաքին մէջ։ Հոգեւոր ուրախութիւն եւ տօնական ցնծալից մթնոլորտ է ամենուրեք։ Ինծի համար՝ սա շատ յուսադրիչ երեւոյթ է։ Այս երիտասարդները կը սիրեմ յուսալ, որ խաղաղարար մարդիկ կ՚ըլլան վաղը միւս օր։ Որովհետեւ աղօթող, Աւետարանէն ուղղութիւն առնող բարեսիրտ հաւատացեալը խաղաղասէր կ՚ըլլայ։

Ապա Այթաշ հարցուց, թէ Պատրիարք Հայրը իր շփումներուն մէջ Թուրքիոյ մասին ինչպիսի տրամադրութիւն կը տեսնէր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մօտ։

Ն.Ա.– Մի քանի բացառութիւնները եթէ մէկ կողմ դնենք, այս օրերուն իմ տեսած կարտինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն գրեթէ բոլորը դէմ կ՚երեւին ըլլալ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան։

 Պէտք է ըսել, որ Թուրքիան շատ չեն ճանչնար եւ կը կրեն յոռի տպաւորութիւններ, որոնք պատմութենէն կու գան։ Նախ շատերուն համար Թուրքիա մահմետական երկիր է, եւ ըստ իրենց, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու համակեցութիւնը կարելի չէ։ Ես համամիտ չեմ այս գաղափարին եւ երկերեսութիւն կը տեսնեմ նման արտայայտութիւններու մէջ։ Եթէ այդպէս էր, ուրեմն արեւմտեան կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներ, ոչ-կառավարական հաստատութիւններ ինչո՞ւ միջկրօնական, միջմշակութային խաղաղութեան, փոխըմբռնման, երկխօսութեան եւ համակեցութեան անհամար ձեռնարկներ ու գիտաժողովներ կազմակերպեցին Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն այս կողմ։

 Ապա գրեթէ բոլորն ալ յառաջ կը քշեն այն փաստը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ մէջ Կաթոլիկ Եկեղեցին զրկած են իրաւական անձնաւորութեան, նաեւ քրիստոնեաներու համար հոգեւոր ընծայարան բանալու իրաւունքներէն։ Իրականութեան մէջ, այս երկրորդ առարկութեան մէջ չենք կրնար ըսել, որ կը սխալին։ Յունաց եւ Հայոց պատմական պատրիարքութիւններն ալ իրաւական անձնաւորութենէ զուրկ մնացած են եւ Թուրքիոյ մէջ նոր հոգեւորականներ պատրաստելու իրաւունքէն զրկուած են։ Ասոնք ճիշդ են։

Ես կը սիրեմ յուսալ, որ երբ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը կատարեալ առումով քայլ առ քայլ կը հաստատուի, այս խնդիրներն ալ տակաւ կը լուծուին։ Ուստի Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը փափաքող ամէն մարդ, քաղաքացի կամ օտար, կը խորհիմ որ պէտք է քաջալերէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը։ Առկայ բոլոր հարցերը այդ գործընթացին մէջ օրակարգի կու գան եւ յոյսով եմ, որ կը լուծուին։

Հաքան Այթաշ ապա յիշեցուց, որ վերջերս մամուլին մէջ գրեթէ ամէն օր կը խօսուի փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն մասին։ Պատրիարք Հայրը այս նիւթին շուրջ ի՞նչ կը խորհէր։

Ն.Ա.– Մի մոռնաք, որ փոքրամասնութեան հոգեբանութիւն կամ փոքրամասնութեան բարդոյթ կոչուած բան մը կայ։ Որեւէ յարանուանութիւն շատ չի փափաքիր, որ իր համայնքին անունը յատկապէս բացասական առումով յաճախ օրակարգի վրայ գտնուի։ Մանաւանդ երբ մէկ կողմէ քաղաքական դէմքեր, միւս կողմէ որոշ գրողներ շարունակ այնպիսի թիւր կարծիք կը ստեղծեն հանրութեան մօտ, որ կարծես երկրին յաջողութեան արգելք հանդիսացողները փոքրամասնութիւններն են։

 Ես կը մտածեմ, որ երկրի մը փոքրամասնութիւնները այդ երկրին ներքին հարցը պէտք է ըլլայ։ Այս երկրի փոքրամասնութիւնները այս երկրին քաղաքացիները չե՞ն արդեօք։ Ուրեմն ո՞ւր, որո՞ւն պիտի դիմեն իրենց խնդիրները պարզելու համար։ Բնականաբար Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կառավարութեան, անոր Վարչապետին, նախարարներուն, կուսակալներուն, Ազգային Ժողովին։ Ես բնականաբար կը հասկնամ, որ երկիրը ուրիշ շատ մեծ հարցեր ունի։ Ըստ իս, երկրի ամենէն կարեւոր հարցերն են կրթութեան ու տնտեսութեան խնդիրներու կարգադրութիւնը։ Առանց այս երկուքին, Թուրքիա երբեք չի կրնար յառաջդիմել, որեւէ ուղղութեամբ։ Միւս հարցերու գոյութիւնը սակայն չի նշանակեր, որ փոքրամասնութիւններու խնդիրները մէկդի թողուին։ Ժամանակի ընթացքին անոնք ալ պէտք է լուծուին։

Մարդկային կամ փոքրամասնութեանց հիմնական իրաւունքներուն մասին տիեզերական չափանիշներ կան։ Ասոնք այլեւս համամարդկային դարձած բաներ են։ Որեւէ երկրի վարիչները իրաւունք չունին քմահաճօրէն մօտենալ այդ տարրական իրաւունքներուն։ Եթէ այդպէս ընեն, ուրիշ երկիրներու միջամտութիւնը հրաւիրած կ՚ըլլան իրենց §ներքին¦ հարցերուն։ Թուրքիոյ վարիչները գիտեն անշուշտ, թէ որքան ատեն որոշ բարելաւումներ չըլլան, օտարները միշտ օրակարգի վրայ պիտի ունենան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։

Հաքան Այթաշ. §Ուրեմն որո՞նք են փոքրամասնութիւնները յուզող հարցերը¦։

 Ն.Ա.– Շատ պարզ է։ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերն ու Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը, հրեաները, ասորիները, յոյները նոյն մտահոգութիւններն ունին։ Աշխարհի վրայ ո՛րեւէ երկրի մէջ գտնուող ո՛րեւէ փոքրամասնութիւն գոյատեւելու համար երեք տեսակ կարիք ունի։ Առաջինը. իր կրօնքն ու սրբազան աւանդութիւնները ապրեցնելու համար տաճարներու եւ անոնց մէջ գործող հոգեւորականներու պէտք ունի։ Իսկ հոգեւորական ունենալու համար անհրաժեշտ են ընծայարաններ, կամ համալսարաններու մէջ Աստուածաբանական ամպիոններ։ Երկրորդը. փոքրամասնութեան լեզուն եւ մշակոյթը ապրեցնելու համար դպրոցներ եւ անոնց մէջ պաշտօնավարելիք լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնքի ուսուցիչներ պէտք են։ Բնականաբար, անհրաժեշտ է ունենալ նաեւ այդ ուսուցիչները պատրաստելու համար հնարաւորութիւններ տեղական համալսարաններու մէջ։ Երրորդը. համայնքային խորհուրդներ, հիմնարկներ, միութիւններ անհրաժեշտ են, որպէսզի համայնքները կազմակերպուին, տաճարներն ու դպրոցները կառավարեն ու անոնց պէտքերը հոգալու համար նիւթական աղբիւր հայթայթեն։ Հիմա դուք ալ ինծի պիտի ըսէք, որ այո՛, Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերու մտահոգութիւններն ալ ասոնք են։ Այսքան պարզ է։ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերը, կամ Ռումանիոյ մէջ ապրող գերմանացիները, կամ ալ Իրաքի մէջ թուրքմէնները ինչ որ կ՚ուզեն ունենալ, Թուրքիոյ մէջ մեր ուզածն ալ այդ է միայն։ Դժբախտաբար այս երեք մարզերու մէջ ալ դեռ խնդիրներ գոյութիւն ունին որոնք լուծման կը կարօտին։ Պետութեան համար ասոնք մեծ բաներ չեն։ Եթէ ուզեն, այսօր իսկ ամէն բան կը լուծեն եւ այս հարցը կը փակեն։

Հաքան Այթաշ ուզեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան կարծիքն ունենալ ցեղասպանութեան խնդրին մասին։ Պատրիարք Հայրը պատասխանեց, որ այդ հարցին շուրջ առ այժմ չի փափաքիր որեւէ արտայայտութիւն ունենալ։

Նորին Ամենապատուութեան եւ Հիւրրիէթի թղթակցիի զրոյցին մասին հակիրճ լրատուութիւն մը լոյս տեսաւ թերթի 21 Օգոստոս թիւին մէջ։