ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 6 Յունիս 2018, Չորեքշաբթի յետմիջօրէին ընդունեց Ստանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 24 Յունիսի կանխահաս ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան վերստին երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։ Ընտրութիւններու նախօրեակին Մարգար Էսաեան փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւնը։ Իրեն ընկերացան ԱՔ կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ։

MARKAR ESAYAN LUR

Ընդունելութեան ընթացքին Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան ջերմօրէն ողջունեց տիար Մարգար Էսաեանն ու ընկերակիցները։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան թէ՛ երկրի եւ թէ՛ համայնքային օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ։

Հանդիպման աւարտին Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան փոխանցեց իր օրհնութիւնները տիար Մարգար Էսաեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ գնահատելով իր յանձնառութիւնը մեր երկրին մատուցուելիք ծառայութիւններու ուղղութեամբ։