ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՓԱՅԼԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Տիգրանակերտի երեսփոխան Կարօ Փայլան, 25 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, ընկերակցութեամբ Սեւան Տէղիրմէնճիեանի, այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս.ի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

2019 PAYLAN

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի Երեսփոխանի սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց բոլոր գործունէութեանց մէջ։