ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

 

Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ, 14 Մայիս 2017, Կիրակի, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ քարոզիչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դասուն կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

 

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, յաւուր պատշաճի քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ անդրադարձաւ ծառայութեան գաղափարին։

 

Այս առթիւ, ընդառաջելով Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ քարոզչին ու Դպրաց Դասուն 8 Փետրուար 2017 թուակիր խնդրագիրով յայտնած փափաքին եւ ըստ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ 13 Փետրուար 2017 թուակիր ՃԼԳ. նիստի որոշման, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշան շնորհուեցաւ երբեմնի Ստանպուլահայ, ծանօթ խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի։

CEKIC 2

 

Նախքան շքանշանի յանձնումը, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան կարդաց մեծարեալին ուղղուած հետեւեալ օրհնութեան գիրը.

 

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

ՄԵԾԱՅԱՐԳ ՏԻԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԷՔԻՃԵԱՆԻ

ԾՆՆԴԵԱՆ ԻՆՆԻՍՈՒՆԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Գոհունակութեամբ տեղեկացանք, թէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ ընտանիքը պատշաճ եւ տեղին որոշումով գեղեցիկ գաղափարը յղացած է նշելու Ձեր ծննդեան իննիսունամեակը, Ձեր ծննդավայրին մէջ։

 Դուք ծնաք ու մեծցաք Հայ երգի Առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի հիմնած երգչախումբի անդամ հօր մը յարկին ներքեւ, ուր Մեծանուն Վարդապետը հիւրասիրուած էր։ Նախնական կրթութիւն ստացաք քաղաքիս Մխիթարեան Վարժարանին մէջ, Հ. Գրիգորիս Վրդ. Մանեանի նման հայրերու շունչով։ Երաժշտական Ձեր ուսումը ստացաք քաղաքիս երաժշտանոցին մէջ։ Գերադասեցիք երաժշտութիւնը եւ Փարիզի Ձեր ուսման կեանքը աւելի յատկացուցիք այդ բնագաւառին՝ համբերելով նիւթական անկարելիութիւններու։ Գրեթէ մանուկ հասակի սկսաք վարել Ստանպուլահայ զանազան երգչախումբեր, ինչպէս Կոմիտաս, Մխիթար, Գողթան, Նարեկացի, Սկիւտար Միացեալ, զորս որակեցիք ձեր «հոգեւոր հայրենիք»ը։ Հիմնեցիք Ձեր իսկ անունով դրոշմուած Չէքիճեան համերգային խումբը։ Զանազան առիթներով կազմուեցաւ 500 հոգինոց համախումբ երգչախումբ մը, Ձեր վարչութեամբ։ Հազիւ երեսնամեայ, մուտք գործեցիք արհեստավարժութեան սահմաններէն ներս եւ դարձաք երաժշտական ղեկավարը Պետական նորահաստատ օփերայի ու թատրոնի։ Աստուածատուր Ձեր շնորհքները հայրենիքի արուեստի կեանքին եւս ի սպաս դնելու առաջադրութեամբ գաղթեցիք Հայաստան 1961ին։ Նոյն տարւոյ մէջ Երեւանի ֆիլհարմոնիայի մեծ դահլիճը առաջին անգամ բեմ կը դառնար Ձեր արուեստին։ Համալսարանի ուսանողական երգչախումբը վերածեցիք կրթօճախի մը։

 Հայաստանի երկնակամարի ներքեւ աւելի քան կէս դարու Ձեր ծառայութեան ընթացքին այցելեցիք բազմաթիւ երկիրներ ու քաղաքներ՝ մօտ երկու հարիւր կեդրոններ, որոնք թատր հանդիսացան Հայ երգի ու երաժշտութեան։ Ստացաք բազմաթիւ տիտղոսներ ու անհամար շքանշաններ, առ ի յարգանք ու վարձատրութիւն Հայ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս Ձեր տարած անխոնջ աշխատանքին։

 Այս խօսքով, դժուար է ամփոփել երկար տարիներու Ձեր վաստակը, որուն պատճառաւ արժանի էք ամէն գտահատանքի։

 Մենք մեր բոլոր սրտով կու գանք միանալ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին այս գաղափարին ու ձեռնարկին եւ ընդառաջելով Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ քարոզչին՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի եւ համանուն Դպրաց Դաս-Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդի խնդրանքին սոյն Օրհնութեան Գիրով կþողջունենք Ձեր ծննդեան իննիսունամեակը։

 Մենք նոյն առթիւ կու գանք բաժնել Ձեր յոբելինական ուրախութիւնը Ձեր ծննդավայրին մէջ, սոյն գիրով կ՚ողջունենք Ձեր անուարանալի եւ անգերազանցելի վաստակը եւ առ ի գնահատութիւն Ձեզի կը շնորհենք

 ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ

ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

 Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի շրջանին, Մեր աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր մերձաւորներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի տակաւին առիթն ունենաք ծառայել Հայ երաժշտութեան՝ Ձեր իւրայատուկ ոճով։

 Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

 Աղօթարար՝ 

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ.

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

 Տուաւ օրհնութեան գիրս ի Պատրիարքարանիս

ի դուռն Աթոռանիստ Մայր Տաճարիս Սրբուհւոյ Աստուածածնի

Որ ի Գումգաբու, Ստանպուլ

ի 14ն Մայիսի, յամի Տեառն 2017 եւ

Ի թուին Հայոց ՌՆԿԶ։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը պատուեց հոգեւորականներն ու մեծարեալը։