Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցի, Գուրուչէշմէ

Հասցէ
(Kırbaç Sok. No: 37, 34345 Kuruçeşme)
Հեռ.՝ (0212) 265-5641
Ֆաքս՝ (0212) 265-5641

Այս եկեղեցին կանուխ շրջաններէն կը կոչուէր Սուրբ Նշան։ Ըստ Գիւտ Քահանայ Աղանեանցի՝ Եկեղեցին Զաքարիա Կաղզուանցի Պատրիարքի շրջանին ի հիմանէ կառուցուած է՝ հոգաբարձութեամբ Չօպան Ամիրայի։ Եկեղեցին պաշտամունքի բացուեցաւ 1798ին եւ օծուեցաւ, ձեռամբ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Կոստանդնուպոլսեցիի։ Շինութեան ծախքը իր անձնական գսակէն հոգացած է Զաքարիա Պատրիարքը։

Մուտքի դրան մօտ 1780ին աղբիւր մը շինուեցաւ բարերարութեամբ Պետրոս Ամիրայի կողակցին։ Եկեղեցին 1834ին հիմնական նորոգութեան կ՚ենթարկուի։ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի յանձնարարութեամբ եւ Յարութիւն Ամիրա Երկանեանի խնդրանքին ընդառաջելով, ճարտարապետ Կարապետ Ամիրա Պալեան սիրայօժար կը ստանձնէ վերանորոգութեան աշխատանքներու վերին հսկողութիւնը։ Եկեղեցւոյ նորոգութեան բարերարն էր Յարութիւն Ամիրա Երկանեան։

Տաճարի արեւելեան նրբանցքին վերեւ կառուցուեցաւ նաեւ զանգակատուն մը 1858ին։ Յարութիւն Ամիրա Երկանեան եկեղեցւոյ կից կառուցանել տուած է նաեւ փայտաշէն երկյարկանի Թարգմանչաց Վարժարանը՝ 1835ին։ Կոմիտաս Վարդապետ 1918ին այստեղ իր անունով հիմնեց երգչախումբ մը։ Եկեղեցին 1975 եւ 1988 թուականներուն նորոգութեանց ենթարկուած եւ օծումը կատարուած է Շնորհք Ս. Պատրիարքի կողմէ։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2007 թուին, օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։

Եկեղեցւոյ հարաւային պատին տակ 1799ին ամփոփուած է Զաքարիա Պատրիարքի մարմինը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Տեղապահ Նիկողայոս Եպիսկոպոս Աղասեան՝ 1874ին։

Քարտէս