ԵՐԵՔ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային

maral & tirchnots puynՍեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, ընկերակցութեամբ խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեանի, 17 Յունիս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի պարուսոյց Կարպիս Չափքան։

Հանդիպման նիւթն էր յառաջիկայ օրերու համար ծրագրուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը, որ պիտի կատարուէր Պատրիարաքական Աթոռի հովանաւորութեամբ։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հովանաւորուած  «Հայորդեաց Տուներու» ծիրին մէջ գործող «Ամբերդ» Պարախումբի եւ «Հայկազուն Երգի Պարի Ազգագրական Խումբի»ն, քաղաքիս մէջ գեղարուեստական հանդիսութիւն մը սարքելու հրաւէր ուղղուած էր նախապէս։ Նկատելով որ քաղաքիս նշանաւոր երգի եւ պարի խումբերէն՝ «Մարալ»ը կը բոլորէր իր հիմնադրութեան 35-ամեակը, ծրագիրը ընդարձակուեցաւ ու երեք խումբերու համագործակցութեամբ կատարելի հանդիսութեան մը վերածուեցաւ։ Խումբերու ներկայացուցիչները մեծ գոհունակութեամբ ընդառաջեցին ուղղուած հրաւէրին։ Այս շրջագծով, 7 Օգոստոս 2014, Հինգշաբթի, Շիշլիի Քէնթ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական հանդիսութիւն մը, որ պիտի ձօնուի «Մարալ»խումբի 35- ամեակին։ Կարպիս Չափքան յայտնեց նաեւ թէ, յառաջիկայ օրերուն աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուէին մամլոյ միջոցաւ։

Սրբազան Հայրը, գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն աշխատութեան համար։ Այս հանդիսութիւնը առիթ պիտի ընծայէր, իր մարզին մէջ նշանաւոր երեք խումբերու գեղարուեստական նպատակաւ մէկտեղումին։ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեց արուեստասէր ժողովուրդը մասնակցելու սոյն հանդիսութեան ու յաջողութիւն մաղթեց խումբերու անդամներուն։