ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 22 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 19.30-ին ընդունեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արի Չօլաքի։

 

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, նախապէս, 8 Օգոստոս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 18.00-ին ընդունած էր զիրենք ու անոնք շնորհաւորելով Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցած էին իրենց գործունէութեանց մասին։

 

Այս անգամ անոնք կրկին հաւաքուեցան ժողովի սեղանի մը շուրջ։ Անոնք Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արի Չօլաքի առաջնորդութեամբ ցարդ կատարուած գործունէութեանց ու ապագայ ծրագիրներուն մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը գնահատելով զիրենք շեշտեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու իրենց՝ ի խնդիր իրենց գործունէութեանց ծաւալման։ Նկատի ունենալով, որ յանձնախումբին մէջ կը գտնուէին անդամներ, որոնք կը գործէին ի նպաստ այս կամ այն Պատրիարքական թեկնածուին, կանխելու համար զանազան լարուածութիւնները, Տեղապահ Սրբազան Հօր առաջարկով որոշուեցաւ յետաձգել այս տարուան գործունէութիւնները (բացի մէնթի-մէնթօր ծրագիրէն) մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։

 

Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց նաեւ, թէ պէտք էր շարունակել օգտաշատ աշխատանքներուն եւ համայնքիս երիտասարդներուն ներդրումը ապահովել Պատրիարքական Աթոռոյ։