ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չօլաքի ջանքերով ի մի հաւաքուած երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած Ամանորեան խրախճանքը տեղի ունեցաւ 29 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ երեկոյեան Մարիօթ Հիւրանոցի սրահներուն մէջ։

alisirn (192)

Խրախճանքը սկսաւ ժամը 19.00-ին, որուն մասնակցեցան մեր համայնքէն 18-32 տարեկան 600-է աւելի երիտասարդներ։ Սոյն կազմակերպութեան արձանագրութիւնները 20 Նոյեմբերին արդէն լրացած էին։

Խրախճանքը կազմակերպուած էր բաց-պիւֆէ սկզբունքով։ Բացման խօսքը արտասանեց ԹՀՊ երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չօլաք, որ սոյն կազմակերպութեամբ երիտասարդները ի մի հաւաքելու միտքը յղացած էր։ Ան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր հետ իր ունեցած յուշերը բաժնեց, որ յուզման ալիք մը յառաջացուց սրահին մէջ։

alisirn (169)

Յանձնախումբի ծրագիրներն ու նպատակները ներկայացուց մամլոյ բանբեր ու ընդհանուր քարտուղար Սէրլի Ս. Նշանեան։ Ապա, Տիգրան Կիւլմէզկիլ ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան արտայայտուեցան։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ շնորհակալագիրներ յանձնուեցան Արի Չօլաքի, Սէրլի Սեդա Նշանեանի, Տիգրան Պէսքիսիզեանի, Պէրնառ Թէրզեանի, Նորա Քումրալի, Մուրատ Տուվարճըի, Մուրատ Քէօշքէրի, Նարօտ Շիմշէքի, Արէտ Տէմիրի, Միքայէլ Ուլութաշի, Յարութիւն Քուրանի եւ Այգուն Խաչիկղլուի։

Խրախճանքը շարունակուեցաւ պարող երիտասարդներով՝ հայերէն երգերու ընկերակցութեամբ։ Ապա Տիճէյի առաջնորդութեամբ Ֆրանսերէն ու Անգլերէն երգերով զուարճութիւնը շարունակուեցաւ եւ ապա իր աւարտին հասաւ ամանորեան Բիյանկոյով։

alisirn (197)