ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՌԹԻՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Վերջերս Էլազըղի մէջ պատահած երկրաշարժի գործած աւերները լուրջ ցնցումներ յառաջաջացուցած են հայրենակիցներու առօրեայ կեանքէն ներս։ Աւերիչ շարժը զգալի դարձած է նաեւ Մալաթիոյ եւ Սվազի մէջ եւս։ Պատրիարքական Աթոռը արդէն իսկ առաջին իսկ մէկ օրէն յայտնած էր իր աղօթակցութիւնը վասն մխիթարութեան երկրաշարժէն տուժած եւ կամ իրենց հարազատները կորսնցուցած բոլոր հայրենակիցներուն համար։

Նկատելով որ այս երեք նահանգներու մէջ կ՚ապրին նաեւ մեր համայնքի անդամները Ամեն. Տ. Սահակ  Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Անտիոքի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան կապ հաստատած են մեր համայնքի անդամներուն հետ եւ հետաքրքրուած իրենց վիճակով։ Այս առթիւ բոլորին հաղորդուած է Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները։ Մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Պատրիարքական Աթոռի ցուցաբերած հայրական հետաքրքրութեան համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ այս շաբթուան ընթացքին հովուական այցելութիւններ պիտի տրուին երեք նահանգներու փոքրաթիւ Հայ համայնքներուն։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ