ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

nurhan badriark sozԳերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան
Պատրիարքական Փոխանորդ Թուրքիոյ Հայոց
Իսթանպուլ, Թուրքիա

Գերաշնորհ եւ Սիրելի Եղբայր,

Ակնկալելի, սակայն եւ այնպէս խորունկ կսկիծով իմացանք մահուան լուրը Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, երիցագոյն եպիսկոպոսին եւ սպասաւորին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Յանուն մեր եւ համայն Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, բոլորով սրտիւ կը վշտակցինք Սրբազնութեանդ, հոգեւորականաց դասին եւ Թրքահայոց գաղութին ձեռ մեծ կորուստին համար։
Մենք անձամբ ու մօտէն ճանչցած ենք հանգուցեալ Սրբազան Հայրը, որուն մէջ տեսած էինք անձնդիր ու նուիրեալ հոգեւորականը, որ ամբողջ վաթսուն տարիներ անխոնջ նուիրումով շարունակեց ծառայել մեր Մայր Եկեղեցւոյ։ Ան թէեւ եղաւ «Իշխան Եկեղեցւոյ» սակայն ինքնամոռաց նուիրածութեամբ դարձաւ համեստ «սպասաւոր»ը մեր Եկեղեցւոյ, որ եղաւ բարի ու քաջ հովիւը, որուն ծառայութեան դաշտերը եղան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքն ու ապա Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը։
Անձնուէր հոգիի տէր հոգեւորականն էր ան, որ գիտցաւ բարձր պահել Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին պատիւը իր ուղղամտութեամբ եւ պերկեշտութեամբ, որուն համար ալ ան արժանացած էր բոլորին յարգանքին եւ սիրոյն։ Թէեւ ան չեղաւ գիրի ու գրականութեան մարդ, սակայն անոնց փոխարէն իբր յուշ – կտակ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան թողուց կալուածներ, ի վայելումն նորահաս Հայ սերունդին։
Հանգուցեալ Շահան Սրբազան եղաւ մէկը անոնցմէ՝ որ իր վաթսունամեայ եկեղեցական գործունէութեան ասպարէզը տարածեց Ս. Քաղաքէն – Պոլիս, անոնց ընդմէջէն միշտ հաւատարմօրէն ծառայելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերագոյն շահերուն։ Քաջ վստահ ենք, որ ան կը փակէ իր աչքերը առաւել քան մխիթարուած, առարկայ բոլոր Թրքահայոց սիրոյն եւ երախտագիտութեան։ Մենք կը հաւատանք թէ Երկնաւոր Հայրը, արդարներու լուսապսակով պիտի վարձատրէ մեր սիրելի Սրբազանը, ու զինք դասէ «ի դասն արդամրոց»։ Թող անոր կենցաղը օրինակ դառնայ մեր նորօրեայ հոգեւորականներուն, որդեգրելու անոր եկեղեցականի կենցաղին լաւագոյն գիծերը, ի բարս եւ ի պատիւ Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ։

ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

Նուրհան Արքեպս. Մանուկեան
Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի