ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇԻՐԻՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

Երբ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման տարելիցը կը մօտենայ, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղամասին մէջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ սկսած են։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմի պատրաստութեան պաշտօնը յանձնուած է Ճարտարապետ Վազգէն Պարընին։

2019 VAZKEN MESBAD KEREZMAN

Պատրիարք Հայրը, 20 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Վագէն Պարընը ընդունեց Պատրիարքարանի մէջ տեղեկութիւններ ստանալու համար տարուած պատրաստական աշխատութեանց մասին։ Վազգէն Պարըն, սոյն այցելութեամբ, իր պատրաստած շիրիմի նախագիծը ցոյց տուաւ Նորին Ամենապատուութեան եւ բացատրութիւններ տուաւ աշխատութեան մասին։ Պատրիարք Հայրը, յիշեցուց, թէ նախորդ երեք պատրիարքներու շիրիմները պատրաստած էր Վազգէն Պարընը եւ ինք վստահ էր, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմը եւս արժանավայել ձեւով պիտի պատրաստուէր։ Այս առթիւ գնահատեց տարուած աշխատութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատութեան մասնակից բոլոր գործօն տարրերուն։