ԵՒՐՈՄԻԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

20Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 25 ԱպրիլԵրկուշաբթի, ժամը 12.00-ին ընդունեց ԵւրոմիութեանԹուրքիոյ ներկայացուցիչ՝ Աւագ Դեսպան Տքթ.Հանսեէօրկ Քրէչմէրը, ընդառաջելով վերջնոյն նախապէսներկայացուցած խնդրանքին։

Շուրջ կէս ժամ տեւող տեսակցութեան ընթացքին,կողմերը շօշափեցին փոքրամասնութիւններուկենսական խնդիրները, յատկապէս վաքըֆներու հարցըեւ թուրքեւհայ երկխօսութեան անհրաժեշտութեանհարցը։ Պատրիարք Հայրն ու Աւագ Դեսպանը գաղափարի փոխանակում ունեցան նաեւ Հռոմիսրբազան քահանայապետին գահակալութեամբ սկսող միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ միջմշակութային յարաբերութիւններու նոր շրջանին մասին։