ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

157282174_1792185144274694_5502962821445282793_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Մարտ 2021, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Մօտ Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։

Դիւանագիտական հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած էին Հայ Համայնքին առաւել եւս ծանօթանալ։157568644_1792184117608130_5642105563158413844_oՊատրիարք Հայրը, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ Հայ համայնքի պատմականին եւ ներկային մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց ինչ ինչ նիւթերու մասին եւ ի միջի այլոց անդրադարձաւ նաեւ անցեալ Երեքշաբթի, Անգարայի մէջ իրականացած մարդկային իրաւանց գործողութեանց ծրագրին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց թէ ներկայիս Հայ համայնքը, Թուրքիոյ թիւով ամենաբազմանդամ փոքրամասնական համայնքն է եւ իր կարողութեան ներած չափով միշտ պատրաստ է ներդրում բերելու երկրի առաւել եւս յառաջացման։157214270_1792184650941410_3995214982153358620_oՀանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, հիւրերուն նուիրեց եկեղեցական գոյքերու մասին պատրաստուած հատորներ։

Հիւրերը, ջերմ ընդունելութեան համար Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնելէ յետոյ, առաջնորդութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր եկեղեցւոյ պատմականին եւ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացան։

 

  • 157214270_1792184650941410_3995214982153358620_o
  • 157282174_1792185144274694_5502962821445282793_o
  • 157568644_1792184117608130_5642105563158413844_o