ԶԱՀՐԱՏ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

24231973_868486649977886_2974199036499964562_nՊոլսահայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան), 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, Շիշլիի Քէնթ Մշակութային Կեդրոնի մէջ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հանդէսով ոգեկոչուեցաւ։

Հանդիսութեան ներկայ էին եկեղեցականներ, Հայ եւ օտար գրական դէմքեր, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւնը։ Հանդիսութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ՝ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Սրբազան Հայրը, Գերապայծառ Տիրոջ յղեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի եղբայրական ողջոյններն ու ձեռնարկի կազմակերպութեան կապակցութեամբ սրտագին գնահատանքը։

24785185_10155985069279198_1282910336477505717_o

Հանդիսութեան ընդմէջէն, ներկաներ լսեցին բանախօսներու ուղերձները։ Զահրատի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ արտասանեց՝ Սիլվա Կոմիկեան։ Յայտնի երաժշտագէտ Սիրվարդ Գարամանուկեանի կողմէ դաշնաւորուած Զահրատի բանաստեղծութիւններէն ոմանք Գարին Չուքուքճեան Պօզքուրթի կողմէ ներկայացուեցան, Աննա Ուղուրլեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։

Հանդիսութեան աւարտին Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ ու Ժուլիա Դաւիթի երգեհոնահարութեամբ ներկայացուցին տոհմիկ երգեր։

Հուսկ Բանքը արտասանեց Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ վեր առաւ Զահրատի գործունէութիւնը եւ գնահատեց հանդիսութեան մասնակիցները։