Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերէն՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, 10 Փետրուար 2016, Չորեքշաբթի, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, մասնակցելու համար, Ազգ. Եկեղեցական Ժողովի Կազմակերպման Յանձնախումբի Ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 12 Փետրուար 2016, Ժամը 11.00-ին։
Ժողովին կը մասնակցէին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները։ Ժողովին ատենապետեց Մայր Աթոռի Դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատուրեան։
Ժողովին նպատակն է կազմակերպել, 2017-ին նախատեսուած Ազգ. Եկեղեցական Ժողովի նախապատրաստական աշխատութիւնները տանիլ։
Ժողովի անդրանիկ նիստին, Ատենապետ Սրբազան Հայրը, ողջունեց ներկայ հոգեւորականները եւ յաջողութիւն մաղթեց կատարելի աշխատութիւններուն համար։ Օրակարգի եկան, չորս գլխաւոր կէտեր.
1) Պատրաստական աշխատանքներու վայրը ճշդել
2) Ազգ. Եկեղեցական Ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան կարգը
3) Ազգ. Եկեղեցական Ժողովի օրակարգի ներկայացում
4) Ներկայ եկեղեցական հարցերու համակարգում
Ժողովոյ առաջին նիստի մասին, ատենապետ Սրբազան Հայրը, յաջորդ օրերուն տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ ԳՀԽ-ի անդամներուն։ Ազգ. Եկեղեցական Ժողովոյ վերջնական թուականը պիտի որոշուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ։
Ժողովականները, Ս. Զատկէն յետոյ, Մայիս ամսուան մէջ, կրկին պիտի մեկտեղուին։ Պատրաստական աշխատութիւնները կատարելու համար սահմանուած է նաեւ աշխատանքային խումբ մը։
Զաքէոս Ծ. Վրդ., քաղաքս վերադարձաւ 16 Փետրուար 2016, Երեքշաբթի։