ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական պատգամաւորներ։

Ժողովը բացուեցաւ Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի արտասանած Տէրունական Աղօթքով։ Ապա գործադրուեցաւ օրակարգը։ Նախ, առժամեայ Դիւանին հրաւիրուեցան՝ երիցագոյն պատգամաւոր Օննիկ Նալպանտղազար, իբրեւ Ատենապետ եւ կրտսերագոյն պատգամաւոր Սայաթ Սար, իբրեւ Ատենադպիր։ Ներկաներու եւ պատգամաւորական փաստաթուղթերու ստուգումէն ետք կատարուեցաւ Դիւանի ընտրութիւն՝ բաց քուէարկութեամբ։ Խաչիկ Ճանէլ ընտրուեցաւ Ատենապետ, Արշակ Փօլաթ եւ Տանիէլ Անթիքաճըօղլու Բ. Ատենապետներ, Արէտ Քարապուլութ եւ Գարին Ըշըքճը Ատենադպիրներ։ Ապա կատարուեցաւ Հանգստեան Աղօթք Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր  եւ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

 

Ձեռնարկուեցաւ ընտրութեանց եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցան նախ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամները ըստ հետեւեալի՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Գերպտ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գօփարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ապա ձեռնարկուեցաւ Պատրիարքի ընտրութեան եւ գործածուած 119 քուէներու վրայ 102 քուէներով «Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարք» ընտրուեցաւ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ընտրութեան արդիւնքը յայտարարուեցաւ Դիւանի Ատենապետին կողմէ եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ վար առնուեցաւ Պատրիարքական Գահուն վրայէն սուգի քօղը։

 

Ապա, 2 հոգեւորական ու 2 աշխարհական պատգամաւորներ կոչուեցան որպէս հրաւիրակներ, որոնք Նորընտիր Պատրիարք Սրբազանը հրաւիրեցին յատենի Ժողովոյ։

 

Իր սրտի խօսքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Ազգային Պատգամաւորական Ժողովի անդամներուն ու Թուրքիոյ Հայ Համայնքի զաւակներուն ու ընդունեց Պատգամաւորներու շնորհաւորութիւնները։

 

11 Դեկտեմբեր 2019

11979

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ