ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Նորակազմ Կրօնական Ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։

 

Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ Դիւան ընտրութեան։ Գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուած ընտրութեան համաձայն Դիւանը կազմուեցաւ ըստ հետեւեալի. Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ Ատենապետ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Բ. Ատենապետ, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան՝ Ատենադպիր, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան՝ Բ. Ատենադպիր։

 

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը Ժողովին հաղորդեց կատարած վարչական տնօրինումները, ըստ որոնց Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ կը նշանակուէր՝ Դիւանապետ-Լուսարարապետ եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ։

2019 GRONAGAN JOGHOV NOR GAZM

Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Ժողովական Հայրերուն

 

12 Դեկտեմբեր 2019

11982

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ