ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 14 Յուլիս 2020, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։

 

Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր։

 

Կրօնական Ժողովոյ Դիւանի 29 Մայիս 2020 թուակիր եւ 12150 համար զեկոյցով բնականոնացման շրջանին, 14 Յունիս 2020 թուականէն սկսեալ արտօնուած էին եկեղեցիներուն մէջ կատարել Սուրբ Պսակի եւ Մկրտութեան արարողութիւնները։ Իսկ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները յարմար նկատուած էր շարունակել գերեզմանատուներու մէջ։

 

Ժողովական Հայրերը, այս անգամ հետեւելով ու նկատելով, թէ մեր համայնքի անդամները կանոնաւորութեամբ ու բծախնդրօրէն կը համակերպէին նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան, կայացուցին հետեւեալ որոշումները։

 

 

  1. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻԾԵՐ

Ծանօթ է, թէ առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած կանոններուն հնազանդելու պայմանաւ արտօնուած էր սրահներու նման հանրային հաւաքական ներկայութեան սահմանուած վայրերու օգտագործման պարագան՝ պայմանաւ որ գործածուէին առողջապահական դնչակապեր (եիւզ մասքէսի) ու պահուէր ընկերային հեռաւորութեան պայմանը։ Հակառակ այս բոլորին, ծանօթ իրողութիւն է նաեւ, թէ համավարակը չէ վերջացած եւ մեր պաշտամունքը եւ այլ արարողութիւններ կը կատարուին եկեղեցւոյ մէջ։ Առ այդ, նկատի ունենալով ֆիզիքական հեռաւորութեան պայմանը, եկեղեցիներէ ներս տարողութեան սահմանափակումներ կատարուած են։ Այս առումով կ’ապաւինինք մեր համայնքի անդամներու հասկացողութեան։ Հարցը կապուած է հաւատացեալներու առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած լուրջ մտահոգութեան հետ։ Եկեղեցիներու դռները հարկ եղած կանխազգուշական միջոցներով իսկ բանալ չի նշանակեր թէ ո՛չ մէկ վտանգ գոյութիւն ունի այլեւս, որ պատճառ կրնայ դառնալ նոր վարակումներու։

 

  1. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Ժողովոյս Դիւանի 29 Սայիս 2020 թուակիր ու 12150 համար զեկոյցով Եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսուած էր 19 Յուլիս 2020 թուականը՝ Վարդավառի կիրակին։  Բնականոնացման շրջանի վերարժեւորմամբ, որոշուած է Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործող եկեղեցիներ հաւաքական պաշտամունքի վերաբանալ, 19 Յուլիս 2020, Վարդավառի Կիրակիին՝ ճշդուած պայմաններու համաձայն։ Այս մասին կարեւորութեամբ կ’ընդգծուի ներփակ պայմաններու գործադրութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս, նկատի պիտի առնուին երկրի ընդհանուր վիճակի մասին եղած պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ եթէ պահանջքը ծագի եկեղեցիներ կրկին պիտի փակուին հաւաքական պաշտամունքի։

 

  1. Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ժողովական հայրերը որոշուած էին, որ ստորեւ նշուած եկեղեցիներու երէցները 1 Յունիս 2020, Երկուշաբթիէն սկսեալ 09.30-11.00 ժամերու միջեւ ընդունին անհատական դիմումներ եւ մատակարարեն Ս. Հաղորդութիւն անոնց, որոնք կը փափաքին։ Սոյն Եկեղեցիներն էին՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Սկիւտարի Ս. Խաչ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Ետիգուլէի Ս. Փրկիչ Մատուռ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս։ Այս դրութեան կու գայ աւելնալ նաեւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Սոյն պարագաներուն թէ եկեղեցականներ եւ թէ դիմողներ պարտին պահել առողջապահական կանոնները, միշտ նկատի ունենալով այլոց առողջութիւնը։

 

  1. ՊԱՐՏԷԶ ՈՒ ՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒՄ

Արտօնելի է սրահներու գործածութիւնը, ընդունելութեան կամ այլ նպատակներով՝ համակերպելով պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն (4 քառակուսի մեթրի համար 1 հոգի միայն)։

 

 

  1. ՍՓՌՈՒՄՆԵՐ

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի ու արտասահմանի մեր հաւատացեալներու փափաքները, Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներ հեռակայ դրութեամբ կը շարունակուին սփռուիլ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցիէն՝ Աթոռոյս կայքէջին մէջ, հանդերձ Նորին Ամենապատուութեան քարոզխօսութեամբ՝ նախապէս արձանագրուած։

 

  1. Ս. ՊՍԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պսակի արարողութիւնները կը շարունակուին կատարուիլ առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ միայն եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

 

  1. Ս. ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Մկրտութեան խորհրդակարութիւնները կը շարունակուին կատարուիլ առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ՝ կրկին առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը ապահովելով։ Ս. Մկրտութեան պարագային ծնողներ պէտք է նկատի ունենան, թէ մանուկը ֆիզիքապէս մօտ պիտի ըլլայ քահանային, կնքահօր ու կնքամօր, այսինքն հարկադրաբար խախտուած պիտի ըլլայ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու պայմանը։

 

  1. ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կրօնական Ժողովոյ Դիւանի 1 Յուլիս 2020 թուակիր եւ 12175 համար զեկոյցով արտօնուած էր յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կատարել եկեղեցւոյ մէջ, 4 Յուլիս 2020, Շաբաթ օրուընէ սկսեալ, միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։ Կը շարունակուի սոյն կիրարկումը։

Բաց աստի, կը թելադրուի, որ բոլոր արարողութիւններ կատարուին առաջին աստիճանի եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ։ Այս բացառիկ օրերուն, կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ կամ ներկայութեամբ միայն, հեռու մնալ նաեւ ձեռնուելէ։ Նոյնը կը թելադրենք որ առտնին կատարելի արարողութեանց ընթացքին եւս յարգուին եւ պահուին առողջապահական պայմանները։ Այս պարագային, նկատի ունենալով առողջապահական անպատեհութիւնը, արտօնելի չէ ցաւակցական տոմարի արձանագրութիւնը անձամբ կատարել (մատիտի ձեռքէ ձեռք պտըտիլը), այլ՝ կազմակերպիչ հաստատութեան պաշտօնէին ձեռամբ։

 

 

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ նոր զարգացումներու լոյսին տակ կատարելի նոր տնօրինումներ պիտի յայտարարուին ըստ կարեաց։ Կ’աղօթենք որ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն ու այս արտակարգ վիճակը իր վերջը գտնէ եւ մենք վերագտնենք մեր բնականոն հոգեւոր կեանքը շարունակել ըստ նախընթացի։

 

14 Յուլիս 2020

12190

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ