ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

 

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 1 Յուլիս 2020, Չորեքշաբթի, առաւօտ գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։

 

Ծանօթ է, թէ Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր։ Կրօնական Ժողովը, նկատելով որ մասամբ բարելաւումներ կ՚արձանագրուէին եւ որոշ թոյլտուութիւններով կեանքի բնականոնացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին, Սուրբ Պսակի եւ Սուրբ Մկրտութեանց մասին տնօրինումներ կատարած էր նախապէս։

 

Հետեւելով ու նկատելով, թէ մեր համայնքի անդամները կանոնաւորութեամբ ու բծախնդրօրէն կը համակերպէին նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան, կայացուցին հետեւեալ որոշումները։

 

  1. Եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի փակման յաջորդող օրերուն, որոշուած էր յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կատարել գերեզմանատուներու մէջ՝ առաջին աստիճանի ընտանեկան անդամներու մասնակցութեամբ։ Ժողովական Հայրերը նկատի ունենալով առողջապահական պայմանները տակաւին կը թելադրեն յուղարկաւորութեանց կատարումը շարունակել գերեզմանատուներու մէջ։

 

  1. Իսկ, անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց սիրելիներուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարել եկեղեցւոյ մէջ, 4 Յուլիս 2020, Շաբաթ օրուընէ սկսեալ կարելի է կատարել զայն եկեղեցւոյ մէջ, միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։

 

  1. Կրկին կը յիշեցնենք, թէ այս արարողութիւններուն թող հաճին մասնակցիլ միայն առաջին աստիճանի ընտանեկան անդամներ։ Մնացեալներ, բնականաբար կը փափաքին իրենց յարգանքը մատուցանել հանգուցեալներու յիշատակին, այս արտակարգ վիճակի պարտադրութեամբ անոնք թող բաւարարուին հեռակայ դրութեամբ ցաւացկութիւն յայտնելով, նաեւ թաղման ժամուն իրենց աղօթքներով՝ հանգուցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Նոյնը կը թելադրենք որ առտնին կատարելի արարողութեանց ընթացքին եւս յարգուին եւ պահուին առողջապահական պայմանները։ Այս բոլոր թելադրութիւնները կ’ըլլան ի սէր ժողովուրդի առողջութեան պահպանման։

 

  1. Ցաւակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։ Այս պարագային, նկատի ունենալով առողջապահական անպատեհութիւնը, արտօնելի չէ ցաւակցական տոմարի արձանագրութիւնը անձամբ կատարել, այլ՝ կազմակերպիչ հաստատութեան պաշտօնէին ձեռամբ։

 

  1. Արտօնելի է նաեւ սրահներու գործածութիւնը, ընդունելութեան կամ այլ նպատակներով՝ համակերպելով պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն (4 քառակուսի մեթրի համար 1 հոգի միայն)։

 

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ նոր զարգացումներու լոյսին տակ կատարելի նոր տնօրինումներ պիտի յայտարարուին ըստ կարեաց։ Կ’աղօթենք որ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն ու այս արտակարգ վիճակը իր վերջը գտնէ եւ մենք վերագտնենք մեր բնականոն հոգեւոր կեանքը շարունակել ըստ նախընթացի։

 

1 Յուլիս 2020

12175

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ