Կրօնական Ժողովը 9 Մարտ 2019, Շաբաթ, ժամը 23.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։
Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով արտահերթ ժողովին մասնակից դարձաւ նաեւ Աթոռոյս Լուսարարապետ Հայր Սուրբը,
- Նախքան օրակարգը, Նախագահ Սրբազան Հայրը Հոգւոց արտասանեց Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։
- Կրօնական Ժողովը խոր ցաւով լսեց Հոգելոյս Պատրիարքի վախճանման պարագաները։
- Որոշուեցաւ Հանգուցեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Օծման եւ Յուղարկաւորութեան Կարգադիր Յանձնախումբ մը կազմել, որպէսզի անթերի ու արժանավայել կերպով կատարուի յուղարկաւորութեան ու թաղման կազմակերպութիւնը։
- Որոշուեցաւ վերջին օծման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը կատարել 17 Մարտ 2019, Կիրակի առաւօտ, ի ժամ Ս. Պատարագի՝ Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կը զեկուցուին Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։
Լուսաւորեսցէ Տէր զհոգի Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի եւ անսասան պահեսցէ զԵկեղեցի իւր։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ