ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր
LOGO
ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ
Ի ՄԱՍԻՆ
ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԱՌՆՈՒԱԾ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ

Ծանօթ է թէ Քորոնա Ժահրի Համավարակի պատճառաւ առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները նկատի ունենալով, 1 Յունիս 2020 թուականէն սկսեալ մեր եկեղեցիները աստիճանաբար բացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւններու եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններու կարելիութիւն ընծայելու առաջադրութեամբ, առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած առողջապահական դնչակապ (եիւզ մասքէսի) հականեխիչներու գործածութեան ու ընկերային հեռաւորութեան պահելու պայմանաւ։

Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հրապարակուած նոր միջոցառումներու եւ ներնահանգային շրջանարութեան կանոնաւորումները նկատի ունենալով տնօրինած է ստորեւի կանոնաւորումները, ցնոր տնօրինութիւն ի զօրու ըլլալու պայմանաւ։

  1. Մեր եկեղեցիները փակուած են կիրակնօրեայ հաւաքական պաշտամունքի, Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց համար։
  2. Եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պսակի արարողութիւնները կրնան կատարուիլ երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրեր 15.00 եւ 17.00 ժամերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։
  3. Եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնները կրնան կատարուիլ շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։
  4. Եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուներու մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կրնան կատարուիլ շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Այս արտակարգ շրջանին կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ, օգտագործելով հեռաձայնը եւ համացանցային միջոցները։
  5. Նկատի ունենալով առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները ՔՈՎԻՏ-19 Ժահրի պատճառաւ մահացածներու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հարկաւոր միջոցառումներ ապահովելէ յետոյ անյապաղ կը կատարուի միայն գերեզմանատուներու մէջ։
  6. Յետ թաղման կատարելի առտնին եւ կիրակամուտքի արարողութիւնները առկախուած են։
  7. Վերստին կը յիշեցնենք թէ, եկեղեցւոյ սրահները ընդունելութեան եւ կամ ցաւակցութեան համար գործածութիւնը յարմար չէ նկատուած։
  8. Կիրակի օրերուն զուգադիպող քառասունքի եւ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւնները շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։

Մեր ժողուրդի զաւակներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց մերձաւորներուն առողջապահութեան համար կը թելադրենք բծախնդրութեամբ հնազանդիլ վերեւ նշուած տնօրինութիւններուն, որպէսզի կարիքը չմնայ այլ նոր միջոցառումներու։

1 Դեկտեմբեր 2020

12329