ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՍՈՒԳ ՄԻՆՉԵՒ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ


  1. Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական սուգ կը հրահանգուի մինչեւ Ս. Զատկի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։

 

  1. Յառաջիկայ սուգի շրջանին մեր եկեղեցական, թաղային, համայնքային, միութենական բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս սոյն յայտարարութեամբ ջնջուած կամ յետաձգուած կը համարուին ոչ-կրօնական բնոյթ կրող ձեռնարկները, բացի բնականաբար հոգեւոր ուխտագնացութիւնները, կրօնա-եկեղեցական եւ համայնքային բնոյթ կրող անհրաժեշտ ժողովները, միշտ ընկալեալ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ։

 

  1. Մինչեւ յառաջիկայ 17 Մարտ 2019, կիրակի, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններու ընթացքին մեր եկեղեցիներու զանգակները կը ղօղանջեն սուգի կշռոյթով հինգ վայրկեան տեւողութեամբ։

 

  1. Մինչեւ սուգի շրջանի աւարտը անխտիր բոլոր Ս. Պատարագներու աւարտին կը կատարուի յատուկ կարգ ի հանգիստ հոգւոյն Երանաշնորհ Պատրիարքին։

 

  1. 11 Մարտ 2019, Երկուշաբթիէն սկսեալ մինեւ 16 Մարտ 2019, Շաբաթ կիրակամուտի աւարտին, ժամը 10.00-16.00-ի միջեւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ պիտի ընդունուին ցաւակցութիւնները եւ կը բացուի սուգի տոմար, որուն մէջ պաշտօնական մարմիններ եւ կամ բարեպաշտ հասարակութենէն անհատներ կրնան ստորագրել։ Պատրիարքարան այցելողներէն կ՚ակնկալուի կրել սուգի պատշաճ մուգ զգեստ։

 

  1. 14 եւ 15 Մարտ 2019, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրեր, ժամը 15.00 – 18.00ի միջեւ բարեպաշտ հասարակութիւնը կրնայ վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանել եւ Ս. Աջը համբուրել Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր, որու անկենդան մարմինը պատուանդանի վրայ կը դրուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Քրիստոս Աստուած մեր ամենասիրելի Երանաշնորհ Պատրիարքին հոգւոյն արասցէ հանգիստ եւ ողորմութիւն, ամէն։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ