ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Kategori: Փաստաթուղթեր
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Ար-քեպիսկոպոս Աթէշեանի նախագահութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս Կրօ-նական Ժողովի 13 Փետրուար 2017, Երկուշաբթիի նիստէն վերջ մեր համայն-քի կեանքէն ներս յառաջացած են արտասովոր պայմաններ ու տեղի ունեցած՝ ցաւալի իրադարձութիւններ։ Աճապարանքէ խուսափելով հանդերձ, ներկայիս Պատրիարքարանս յարմար դատած է մերազն համայնքի բոլոր անդամներուն ու հանրային կարծիքի նկատառման յանձնել հետեւեալ կէտերը.
1- Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը մօտաւորապէս ինն տարիէ ի վեր գործնականօրէն թափուր է։ Այս ամբողջ ժամանակաշրջանը ապրուած է՝ որ-պէս երկար ու ցաւոտ անցումային շրջան մը։ Պատրիարքութիւնս միշտ վա-րուած է այն ենթադրութիւնով, թէ դժուարութիւններն ու վերիվայրումները ա-ռընչակից են այս գործընթացի բնոյթին հետ։ Իսկ անցեալ աշնան, Աթոռոյս Հո-գեւորականաց Համագումարին կողմէ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Սրբազան Պատ-րիարք Հայրը կոչուած է հանգստեան եւ այսպէսով պաշտօնապէս վերահաս-տատուած է՝ Աթոռին թափուր մնացած ըլլալու հանգամանքը։ Այս քայլը նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարը թէեւ յստակացուցած է, սակայն դժբախտաբար առիթ չէ եղած՝ մեր համայնքի վերիվայրումներու դադրեցման։ Ցաւով կը մատնանշենք, որ իրադարձութիւններուն բնոյթը վերջին մէկ շաբ-թուան ընթացքին տագնապի մը մակարդակին հասած է։ Մերազն համայնքին կը փափաքինք յիշեցնել, որ պատրիարքական ընտրութեան թափ ստանալը ուղիղ համեմատութեան մէջ է մեր եկեղեցական կեանքի եւ հասարակական միջավայրի հնարաւորինս բնականոնացման հետ։
2- Իրողութիւնը այն է, որ առողջ ընտրութեան մը ձեռնարկել կարելի պի-տի ըլլայ միայն ընդհանուր համաձայնութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Պատ-րիարքարանս առկայ դժուարին փուլին մէջ մերազն համայնքի զաւակներուն կը յորդորէ՝ բեւեռացումներն ու բախումները թողուլ մէկ կողմ եւ ըլլալ միաս-նականութեան ու զօրակցութեան մէջ։ Դաս պէտք է քաղենք մեր ետին մնա-ցած մօտաւորապէս ինն տարուան գործընթացէն։ Այս ուղղութեամբ պէտք չէ ստեղծենք քաւութեան նոխազներ, պէտք չէ իրարու գլուխը պահանջենք եւ համբերութեամբ, յարգանքով ու հանդուրժողութեամբ պէտք է կեդրոնանանք գործընթացի շարունակութեան վրայ։ Հասունութիւն պէտք է դրսեւորենք իրա-րու սխալներուն ներելով, պէտք է թարմացնենք մէկզմէկու նկատմամբ հա-ւատն ու վստահութիւնը եւ մանաւանդ պէտք է յիշենք, որ մեզմէ ոեւէ մէկը չու-նի իրարմէ հրաժարելու ճոխութիւնը։ Ինն տարուան այս դժուարին գործընթա-ցի ընդհանուր արժեւորումը որքան որ ալ յոռետեսութիւն յառաջացնէ, շարու-նակութեան արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ զերծ պէտք է մնանք պարտադ-րանքներէ։
3- Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի կրօնի, խղճի, հաւատի ու պաշտամունքի ազատութիւնները երաշխաւորուած են մեր պետութեան կողմէ։ Այս առումով պէտք չէ անտեսենք այն իրողութիւնը, թէ այս բարդ անցումային շրջանին մեր պետականութեան մօտեցումներն ու դերակատարութիւնը միշտ եղած են շի-նիչ։ Մեր համայնքի ներքին տարակարծութիւններուն զուգահեռ անցումային շրջանին ձեւաւորուած են կարգ մը հաւասարակշռութիւններ ու պէտք չէ մոռ-նանք, թէ անոնք պիտի փոխուին դարձեալ մեր համայնքի գործօններուն շնոր-հիւ, ներդաշնակութեամբ եւ համընդհանուր համաձայնութեամբ։
Այս առթիւ հարկ կը համարենք ընդգծել, որ մեր համայնքէն ներս լաւա-տեսութիւն մը յառաջացուցած է Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Նորին Գերազանցութիւն Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ փոխանցուած պատգամը, ըստ որու հանրաքուէէն վերջ ընտրութեան գործընթացին շուրջ պիտի չզլանայ իր հետաքրքրութիւնը։ Ուստի, Նորին Գերազանցութեան կը յղենք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնն ու յարգանքը։
Մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն խորհուրդ կու տանք հաւատք չընծայել այն ապատեղեկութիւններուն, ըստ որոնց պատրիարքական ընտրութեան գործըն-թացը ընդհատուած է մեր պետութեան միջամտութեան հետեւանքով։ Որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաւատարիմ քաղաքացիներ՝ ժամանակաւոր քաշքշուքներով կասկածներ չյառաջացնենք մեր պատասխանատուութեան գիտակցութեան տեսակէտէ։
4- Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վաղեմի կանոններուն, օրէնքներուն եւ աւանդութիւններուն համաձայն՝ մեր պատրիարքները ժողո-վուրդին եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ կ՚ընտրուին միասնաբար։ Իսկ ընտ-րութեան գործընթացի ենթահողը կը պատրաստուի մեր հոգեւորականներուն կողմէ։ Հետեւաբար նոր հոգեւոր պետ մը ընտրելու ճանապարհին պէտք է տի-պար ընթացք մը որդեգրենք՝ մեր Պատրիարքական Աթոռի ու մերազն հա-մայնքի վարքին տեսակէտէ։
Նոյն ծիրին մէջ, դժկամութեամբ կը դիտարկենք, որ անձնական կիրքերով փորձեր կը կատարուին՝ Պատրիարքութեանս ենթակայ հոգեւոր հայրերը մա-շեցնելու եւ հեղինակազրկելու տխուր նպատակով։ Պատրիարքարանիս ենթա-կայ հոգեւոր հայրերուն իւրաքանչիւրը մեր Աթոռի 550 տարուան խոր աւան-դութեան մերօրեայ արժանապատիւ ներկայացուցիչը կը համարուի։ Անոնք կոչումի գիտակցութեամբ ու մեծ զոհողութեամբ կ՚աշխատին եւ մեր հոգեւոր հայրերու ձեւաւորած հասարակաց մտքին դէմ անարգանքը մեր Սուրբ Եկե-ղեցւոյ նուիրապետութեան տեսանկիւնէն կը նկատուի ոտնձգութիւն եւ մե-րազն ժողովուրդին դէմ անպատասխանատուութիւն։ Մեր հոգեւոր հայրերու աչալրջութեան ուրացումն ու մանաւանդ սպառնալիքներու տեղի տալու վե-րաբերեալ պնդումները կը համարուին, մէկ խօսքով, տխուր։
5- Պատրիարքարանիս մէջ 16 Փետրուար 2017, Հինգշաբթի, շինիչ հան-դիպում մը տեղի ունեցած է Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէ-շեանի եւ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս Մաշալեանի միջեւ։ Տհաճ լա-րուածութեան մը մթնոլորտին մէջ մեր երկու սրբազաններուն վերջին հաշուով քանի մը օրուան ընթացքին ի մի գալը որպէս ձեռքբերում ընկալուած է՝ մեր համայնքի աչալուրջ բոլոր խաւերուն կողմէ։ Պատրիարքարանի նուիրական երդիքին տակ տեղի ունեցած այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պատուարժան Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի խտացեալ ջանքերով ու նախաձեռնութեամբ, միեւնոյն ժամանակ համայնքիս խումբ մը բանիմաց գործիչներու նպաստով։ Պատրիարքական Աթոռս, մերազն համայնքին առջեւ, այդ նախաձեռնութեան հեղինակները կը գնահատէ ամենաբարձր ձեւով։ Պէտք չէ անտեսենք, որ ընտ-րութեան գործընթացի առողջ եւ արագ տեւականացման առումով Պոլսոյ մեր երկու սրբազաններու ներդաշնակութիւնն ու համագործակցութիւնը թէեւ ան-բաւարար, սակայն անհրաժեշտ է։ Ակնյայտ է, որ անցումային շրջանին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները այլեւս պէտք է փոխուին։ Մեր այս ու-ժը պէտք է օգտագործենք ո՛չ թէ անցումային շրջանի նոր հաւասարակշռու-թիւններ ձեւաւորելու, այլ՝ այլեւս ընտրութեան վրայ կեդրոնանալու համար։
6- Նոյնպէս 16 Փետրուար 2017, Հինգշաբթի, Սուրբ Աստուածածին Աթո-ռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը։ Պատրիարքարանս ցաւով դիտարկած է, որ այդ հաւաքոյթը մեծ լարուածութեան մը թատերաբեմը հանդիսացած է ու նոյնիսկ անհրաժեշտու-թիւն յառաջացած է ոստիկանութեան կողմէ միջոցներ ձեռք առնուելուն հա-մար։
Մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամը իրաւունք ունի պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ բազմակողմանիօրէն իրազեկուելու եւ կարծիք յայտնելու։ Պատրիարքարանս հաւատարիմ կը մնայ այն սկզբունքին, թէ ամէն տեսակ կարծիքի ու մօտեցման նկատմամբ կը տածէ յարգանք եւ անոնց բոլո-րին նկատմամբ կը պահէ համահաւասար հեռաւորութիւն։ Աթոռս կը կարեւո-րէ այդ հաւաքին մասնակցութիւն բերած մեր բոլոր հաստատութիւններու վա-րիչներն ու մերազն համայնքի անդամները այնտեղ առաջնորդած մղումը եւ կը գնահատէ իւրաքանչիւրին զգայնութիւնը։ Հետեւաբար մերազն համայնքի բոլոր անդամներուն կոչ կ՚ուղղենք՝ որպէսզի քննարկումներ ծաւալեն աւելի պաղարիւն ու շինիչ ոգիով, փոխադարձ հասկացողութեան միջավայրի մը ամ-րապնդմամբ։ Նման հաւաքները պէտք է միտուած ըլլան մեր ժողովուրդի բո-լոր խաւերը իրազեկելու անկեղծ նպատակին ու պէտք չէ տեղափոխուին ազ-դեցութեան պայքարներու դաշտ։ Ընտրութեան ընդառաջ, անկախ հաւանա-կան թեկնածուներէ ոեւէ մէկուն նկատմամբ զօրակցութեան կամ համակրան-քի պարագաներէն, Պատրիարքարանս կը յիշեցնէ, որ մեր համայնքի իւրա-քանչիւր անդամը առանց բացառութեան հարազատ զաւակն է մեր Սուրբ Ե-կեղեցւոյ։ Յամառօրէն կ՚ակնկալենք, որ նոյն Սրբալոյս Միւռոնով մկրտուած քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ կարծիքի փոխանակումները կատարուին հա-մապատասխան ոգիով։ Դժուարութիւնները ո՛չ թէ պառակտումով այլ՝ միաս-նականութեամբ պիտի յաղթահարուին։ Ո՛չ թէ բեւեռացումներու այլ՝ անկեղծ համախմբումի մը գետինը պէտք է պատրաստենք։
Կը յուսանք, որ յառաջիկայ շրջանին հարցը այս տեսանկիւնէն պիտի դի-տարկեն այն շրջանակները, որոնք կը ձգտին Պատրիարքարանս ներկայացնել որպէս կողմ եւ կամ զայն դարձնել թիրախ։ Այս յիշեցումը չի կատարուիր տուեալ պահու կարիքներուն բերումով, այլ կը բխի ներկայ բեկումնային փուլի կենսական նշանակութենէն։ Պատրիարքութեանս կողմէ բաշխուած օրհնու-թիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի բոլորին անխտիր։
7- Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին, մեր երկու սրբազաններուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնն ու զուգահեռաբար ստեղծուած մթնոլորտը ամէն գետնի վրայ լայն արձագանգ գտած ու մտահոգութիւն յառաջացուցած է։ Գե-րաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս Մաշալեան խնդիրը յանձնած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նկատառման։ Մերազն համայնքին կու գանք տեղեկացնել, որ այդ կէտէն սկսեալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս խնդրին նկատմամբ ան-տարբեր չէ գտնուած եւ մեր երկու սրբազաններուն հետ մշակած է հայրական հաղորդակցութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորներ փոխանցած է՝ որ-պէսզի խնդիրը կարգաւորուի երկխօսութեամբ ու համերաշխութեամբ եւ աղօ-թած է այս ուղղութեամբ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռս պարտք կը համարէ իր ամենախորին որդիական երախտագիտութիւնն ու յարգանքը յայտնել Նորին Սրբութեան նկատմամբ։
Վեհափառ Հայրապետին առաջարկով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթ ի մի պիտի գան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազան-ները։ Այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի ուղեւորուին Բարձրաշ-նորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիս-կոպոս Մաշալեան։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարե-գին Ս. Արքեպիսկոպոս Պէքճեանն ալ պիտի մասնակցի նախատեսուած ա-ղօթքներուն եւ խորհրդակցութիւններուն։ Մեր Եկեղեցւոյ Սրբութիւն Սրբոցին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, մեր սրբա-զանները աղօթակցութեան մթնոլորտի մը տրամադրութիւններով՝ հնարաւո-րութիւն պիտի ունենան իրենց բարոյական համարձակութիւնը վերանորոգե-լու։ Անտարակոյս այս առիթը պէտք է արժեւորուի նախանձախնդրօրէն։ Գոր-ծընթացին շարունակութիւնը ներկայիս կախում ունի այս խոր բարոյական ո-րոնումէն։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը վարչական առումով ինքնավար է։ Հետեւաբար, ակնյայտ է, որ ընտրական գործընթացը չի կրնար յառաջ տարուիլ մեր Պատ-րիարքական Աթոռէն դուրս։ Այս առումով որեւէ ուղղորդում բացառուած է։ Բարոյապէս ու հոգեպէս վերանորոգուելէ վերջ, մեր եպիսկոպոսները պիտի վե-րադառնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ պիտի սկսին ընտրութեան գոր-ծընթացին վերաբերեալ շօշափելի աշխատանքներու։ Այս ծիրին մէջ նախա-տեսուած են՝ տեղապահի մը ընտրութիւնը, նոր նախաձեռնարկ մարմնի մը կազմուիլը եւ աւելի վերջ ալ Իսթանպուլի Կուսակալութեան միջոցաւ պետու-թեան մօտ դիմումը։ Դոյզն իսկ շեղում մը պիտի չըլլայ մեր աւանդական գի-ծէն եւ այս մասին ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի։ Լիայոյս ենք, որ մերազն հա-մայնքի բոլոր խաւերը պիտի վարուին չափաւորութեամբ եւ նախանձախնդրօ-րէն պիտի ձեռնարկեն պատրաստութիւններու։ Պատրիարքարանս ծայր աս-տիճան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ նաեւ մեր համայնքային մամլոյ նպաստին նկատմամբ։
8- Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կոթողային խորհրդանշան մըն է՝ մեր ժողովուրդի այս աշխարհագրութեան մէջ պատմական ներկայութեան, ստեղծագործած արժէքներուն ու պաշարին եւ հասարակաց յիշողութեան տե-սակէտէ։ Աթոռոյս կայունութեան համար պարտականութիւն կը վիճակի մե-րազն համայնքի իւրաքանչիւր անդամին։ Մասնաւորապէս բոլորին աղօթակ-ցութիւնը, բարի կամեցողութիւնն ու բարեմաղթանքը անհրաժեշտ է անոր գո-յատեւման համար։ Որպէս հոգեւոր կեդրոն՝ մեր Պատրիարքութիւնը կը ցոլաց-նէ Սուրբ Հոգւոյ լոյսը ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բազմադարեան վկայութեամբ կ՚առաջնորդէ մերազն համայնքի զաւակները։ Հոգեւոր այս երեսակին առըն-թեր, մեր Պատրիարքութիւնը կրողն է մշակութային մեծ ժառանգութեան մը եւ առանցքը՝ վարչական ծով փորձառութեան։ Այս բոլորին վերյիշումն ու իւ-րացումը կ՚երաշխաւորէ մերազն համայնքի ապագային նկատմամբ յոյսը։
Եկէ՛ք զիրար չզրկենք համատեղ ջանքերով նոր հոգեւոր պետի մը տիրա-նալու բարոյական հրճուանքէն ու պտուղներէն։ Երախտագիտութեամբ, զոհո-ղութեամբ ու զօրակցութեան զգացումով՝ միասնականութեամբ, սիրով, ան-դորրութեամբ եւ յուզումով սպասենք մեր նոր պատրիարքին, որ մեր Սուրբ Ա-թոռը պիտի առաջնորդէ դէպի ապագայ։ Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ՝ հպարտութեամբ ու բաց ճակատով ողջունենք մեր նոր պատրիար-քը։
Իսթանպուլի մէջ այսօր ունինք միայն երկու եպիսկոպոս։ Մեր բարոյա-կան արժէքներուն եւ հասկացութեան խորթ է՝ ընտրութեան գործընթացի ժա-մանակաւոր քաշքշուքներով անոնց միջեւ թշնամութեան յարուցումը եւ մրցակցութեան հրահրումը։ Արդարեւ, ընտրութիւնը պիտի վերջանայ, սակայն անոնք իբրեւ երկու տիպար հովիւ, իրարու երես նայելով, միասնականութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի շարունակեն եռանդով ծառայել մերազն ժողո-վուրդին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Անոնց յարաբերութեան չմաշիլը ու միշտ վերանորոգուելու ներուժ մը պարփակելը անթիւ օգուտներ ունի մեր Պատրիարքութեան ու մերազն համայնքի երկարաժամկէտ սպա-սումներուն տեսակէտէ։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնով խորհրդանշուած մեծ յոյսը մեզի թող պարգեւէ իրարու հետ նոր աւետիսներ փոխանակելու կա-րելիութիւնը։ Մեր սուրբերու բարեխօսութեամբ, Բարձրեալն Աստուած մեզ թող չզրկէ իր խաղաղութենէն, օգնութենէն, երանութենէ ու ողորմութենէն. Ա-մէն։
Զայս յարգանօք ի գիտութիւն կը ծանուցուի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ