ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք, Աթէշեանի հրաւէրով 31 Դեկտեմբեր 2015 Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընդհանուր Համագումար, որուն նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը։

Ժողովոյ նպատակն էր ամբողջացնել Կրօնական Ժողովոյ անդամներու թիւը, որ պակսած էր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հրաժարումով եւ Արժ. Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի վախճանումով։

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով ու 2015 թուին վախճանած Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի եւ համայն հանգուցեալ հոգեւորականաց հոգւոցն ի հանգիստ արտասանուած աղօթքով։

Բաց քուէարկութեամբ կազմուեցաւ Ժողովոյ դիւան, որուն ընտրուեցան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան՝ Ատենապետ եւ Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան՝ Ատենադպիր։

Բարձր. Ս. Հայրը յայտնեց թէ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, որպէս ազգընտիր Կրօնական Ժողովոյ անդամ բնականօրէն պիտի անդամակցի յետագայ նիստերուն։ Իսկ պակսած մէկ անդամի համար պէտք էր ընտրութիւն կատարել։ Կատարուած փակ քուէարկութեամբ, քուէներու առաւելութեամբ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան ընտրուեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամ։

Դիւան Եկեղեցական Համագումարի