ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

ՍԳԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ

 

Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արքեպս. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սգեմ կրել։

 

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ