ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

149206910_1774794642680411_1761435113862649489_o

Պատրիարքական Աթոռը 10 Փետրուար 2021, Չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ թէ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է Քորոնա Համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։ Նկատի ունենալով թէ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին հոգեւորականաց դասու անդամները մասնակցած էին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւանականութիւնը ծագած է թէ՝ վարակումէն ազդուածներ կրնան ըլլալ։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հետ համագործակցութեամբ, Ուրբաթ օր, բոլոր հոգեւորականաց դասու անդամներու եւ վարակման հաւանականութեան ենթակայ անձերու քննութիւնները պիտի կատարուին։ Առ այդ, Աթոռոյս տնօրինութեամբ, մինչեւ ստուգման արդիւնքները յայտնի դառնան ջնջուած են բոլոր արարողութիւնները՝ ներառեալ Ս. Վարդանանցի տօնակատարութիւնները։

Այս առթիւ, կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Տէր Հայրը կատարեալ առողջութիւնը վերագտնէ։