ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Փաստաթուղթեր

148990786_1776330405860168_3553274531445211260_o

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համագործակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամները 12 Փետրուար 2021, Ուրբաթ առաւօտուն քննութեան ենթարկուեցան։ Ստուգման քննութիւնը կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ որ, յետ կատարուած քննութեան ստուգուած է թէ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորական դասու անդամներէն ոչ մէկը ազդուած է Քորոնա Համավարակէն։

Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռը այս մէկը կ՚արձանագրէ որպէս ուրախացուցիչ պարագայ եւ իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը կը յայտնէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ ստուգման քննութիւնները կատարող առողջապահական ծառայողներուն։

Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ ամենայաղթ Սուրբ Խաչի զօրութեամբ փարատին ցաւերը եւ բժշկուին հիւանդութիւնները, ոչ միայն առողջութեան կարօտ հոգեւորական դասու անդամներուն այլ նաեւ մեր համայնքի անդամներուն եւ ընդհանրապէս համայն տառապողներուն։